«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Կիրակի յայտարարեց, որ նախաձեռնած է շարք մը երկիրներու դեսպաններու շրջայցը Ռաֆիք Հարիրի օդակայանին մօտ գտնուող հրթիռակայանին մէջ, որ, ըստ Իսրայէլի վարչապետ Պենճամին Նաթանիահուի հաստատումներուն, կը պատկանի Հըզպալլա կուսակցութեան:
Նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց, որ դեսպանները Երկուշաբթի հրաւիրուած են նախարարութեան կեդրոնատեղին: Ի ներկայութիւն դեսպաններուն տեղի պիտի ունենան Նաթանիահուի կանխակալ հաստատումներուն ի պատասխան դրսեւորումներ, նախքան որ անոնք ուղղուին Ռաֆիք Հարիրի օդակայանին մօտ տեղակայուած երեք ենթադրեալ հրթիռակայաններէն մէկուն, որոնց կ’անդրադառնայ Իսրայէլի վարչապետը:






