1 Հոկտեմբեր 1921 – 1 Հոկտեմբեր 2018
ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Պահ մը եթէ փորձենք գնահատումներ կատարել Ռամկավար ազատական կուսակցութեան անցնող 97 տարիներու վրայ տարածուող գործունէութեանց, առաւելաբար պէտք է ծանրանալ ազգային եւ միջազգային հարցերու եւ դէպքերու ու հանգամանքներու նկատմամբ որդեգրած ՌԱԿ-ի հեռատես քաղաքական կեցուածքներու, ազգային գերագոյն շահերէ թելադրուած կողմնորոշումներու, ինչպէս նաեւ իրապաշտ դիրքորոշումներու վրայ:
Պատմութիւնը մեզի սորվեցուցած է, թէ քաղաքական կեանքի մէջ կան միայն յաւիտենական շահեր եւ անհաւանական չէ, որ այդ շահերը օր մը ըլլան հայ ժողովուրդին ի նպաստ:
1920-ին Հայաստանի խորհրդայնացումէն շուրջ տարի մը ետք, ծնունդ կ’առնէր Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը՝ միաձուլումովը ժողովրդավարական սկզբունքներու հաւատացող հոսանքներու եւ կազմակերպութիւններու:
ՌԱԿ-ի հիմնադիր ղեկավարները համոզուած էին, որ այդպիսով իրականացած պիտի ըլլար երազը Աւետիսեաններու, Խրիմեան Հայրիկներու եւ Փորթուգալեաններու, որոնք հանդիսացեր էին կերտիչները «Արմէնական» գաղափարախօսութեան, որուն դրօշակակիրը ըլլալու պարտականութիւնը ստանձնած էր Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը:
Մնալով միշտ հաւատարիմ հայրենի հողին, որովհետեւ հայրենիքը իր ժողովուրդով միակ ապահովութիւնն է հայ ժողովուրդի յաւերժութեան եւ հաստատ կռուանը Հայկական դատին: ՌԱԿ-ը այսպէս գործեց 97 տարիներ եւ այսպէս պիտի գործէ միշտ:
Պատմական Հայաստանի մէկ փոքր հողաշերտին վրայ գոյութիւն առած հայրենի պետութիւնը վերջնական ոչնչացումէ փրկուած Սարդարապատի փառահեղ յաղթանակով միակ երաշխիքն է հայ ժողովուրդի գոյատեւման: Սակայն անաւարտ է հայ ժողովուրդի սրբազան առաքելութիւնը, անաւարտ է իր Մեծ երազին իրականացումը ու անոր համար ալ խոր գիտակցութենէ բխող անժամանցելի որպէս հրամայական՝ ՌԱԿ-ը ամբողջ 97 տարիներ, ազգային մեր տեսլականը գերիվեր նկատելով, միշտ տէր մնաց ու պիտի մնայ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան:
Այսօրուան մեր սերունդն է ժառանգորդը եւ պահանջատէրը մեր արդար դատին, ու անոր անխոնջ հետապնդումը մեր ազգային ամէնէն սրբազան նպատակը պէտք է նկատել:
Անցնող 97 տարիներուն ՌԱԿ-ը անզիջող վճռակամութեամբ հետապնդեց հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը, արդար իրաւունքներ, ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը: Ան լծուեցաւ հայրենիք-Սփիւռք կապերու կամրջումին եւ ամրապնդման սրբազան գործին, որովհետեւ ան կը հաւատայ, որ հայ ժողովուրդի գոյատեւման հիմնական ու անփոխարինելի երաշխիքներէն կարեւորագոյնն էր ան: Ու այս բոլորը ՌԱԿ-ը ըրաւ հակառակ այն իրողութեան, որ այդ տարիներուն հայրենիքի մէջ տիրող իրաւակարգը խոտոր կը համեմատէր անոր դաւանած քաղաքական սկզբունքներուն:
Ամեակներու վրայ տարածուող իր գործունէութեանց ընթացքին, ՌԱԿ-ը մերժեց ընթանալ միջազգային լպրծուն եւ վտանգալից քաղաքական ուղիներէ, որքան ալ գրաւիչ կայծեր նետուած ըլլային անոնց վրայ, որովհետեւ հայրենիքի շահերը աւելի կենսական էին, քան կազմակերպութեան շահերը: Անցեալին ՌԱԿ-ը գործակցեցաւ ու պիտի շարունակէ գործակցիլ բոլոր այն անհատ հայրենասէրներու, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու հետ, որոնք անշահախնդիր գործունէութեամբ լծուած էին հայրենիքի վերելքին, հզօրացման եւ բարգաւաճման ու ներկայիս եւս չեն դադրած իրենց նուիրեալ եւ անսակարկ գործունէութիւններով ամրապնդելէ հայրենիքի անկախութիւնը ու սատարելէ հայրենի ժողովուրդի բարգաւաճման:
ՌԱԿ-ը նոյն ոգիով ու հաւատքով այսօր եւս կառչած կը մնայ իր հաւատոյ հանգանակին ու կը շարունակէ իրեն ժառանգ մնացած հայրենասէր գործը: Եթէ փորձենք փնտռել գաղտնիքը ՌԱԿ-ի նկատմամբ ժողովրդային համակրանքին, հաւատքին ու վստահութեան, անմիջապէս պիտի յանգինք այն եզրակացութեան, թէ ՌԱԿ-ը անցեալին չէ փորձած խաբել ժողովուրդը, ո՛չ ներկայիս եւ ո՛չ ալ ապագային: Անոր իրարայաջորդ ղեկավարները պիտի շարունակեն ընթանալ այն լուսաւոր ուղիէն եւ հետեւիլ այն սկզբունքներուն, որոնք ժառանգ մնացած են հիմնադիր ղեկավարներէն:
Մեր կազմակերպութիւնը չխաբեց ժողովուրդը, երբ ան երգեց ազատութեան երգը, չխաբեց, երբ արծարծեց զէնքի սէրը, եւ գաղափարի հրաշունչ ներշնչումով գրուեցան լուսաշող ու փառաւոր էջեր:
Անիրականալի երազներ չէ ունեցած երբեք ՌԱԿ-ը:
Այսօր եթէ յետադարձ ակնարկ մը նետելով պրպտենք ՌԱԿ-ի անցեալ 97 տարիներու պատմութիւնը, ո՛չ միայն ուրախութեան, այլեւ հպարտութեան պահեր պիտի ապրինք, որովհետեւ՝
– Այսօր ազատ ու անկախ հայրենիքին ու հայրենի պետականութեան մէջ ՌԱԿ-ը կը տեսնէ իրականացումը հայ ժողովուրդի դարաւոր երազին, ինչպէս անցեալին ու ներկայիս եւս ՌԱԿ-ը յանձնառու պիտի ըլլայ իր կարելիութիւնները ի սպաս դնելու Հայրենիքի հզօրացման, անկախութեան ամրապնդման, հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու բարելաւման եւ հայ ժողովուրդի արդար դատին ու իրաւունքներու հետապնդման:






