Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Քաղաքին Մէջ Հեծանիւ Քշելը Ազատութեան Զգացողութիւն Կու Տայ. Փաշինեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ»,  ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շարունակեց հեծանիւի օրը. այս անգամ կառավարութեան շէնքէն ուղեւորուեցաւ Պռօշեան փողոցի վրայ գնտուող իր առանձնատունը: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ ՀՀ վարչապետը իր հեծանուավազքը ներկայացուց Ֆէյսպուքի ուղիղ եթերի ժամանակ:

Ողջունելով քաղաքացիները՝ վարչապետը Ամիրեան փողոցէն Մաշտոցի պողոտայով հասաւ Պռօշեան փողոցը:

«Քաղաքում հեծանիւ քշելը ազատութեան շատ հետաքրքրիր զգացողութիւն է տալիս, եւ դա շատ կարեւոր է: Փորձէք անպայման՝ անմիջականութեան, ազատութեան, ուրախութեան հետաքրքիր զգացում է»,- ըսաւ Փաշինեան:

Ան անգամ մը եւս յորդորեց քաղաքացիներուն առողջ ապրելակերպ վարել:

«Ծխելը թողէքայցելէք մարզասրահ եւ սպորտով զբաղուէքԴա շատ կարեւոր խնդիր էնաեւ պետական խնդիր էորովհետեւ դա առողջութեան հարց էեւ մենք պէտք է առողջ լինենք յանուն մեր գործերի»,- նշեց Փաշինեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին