Երկուշաբթի, 24. 03. 2025

spot_img

Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի Ուրախ Վերամուտը

Դպրոցական վերամուտը արտասովոր թափով կը վերաշխուժացնէ մեր կեանքը ու նոր յոյսերով եւ ուրախութեամբ կը շտապենք դպրոց:
Երեքշաբթի, 25 Սեպտեմբերին՝ առաւտօեան կանուխ ժամերէն, Հռիփսիմեանցի աշակերտները կարօտով փութացին իրենց հարազատ կրթօճախը՝ վերամիանալով երկրորդական դասարաններու աշակերտներուն, որոնք 12 Սեպտեմբերէն արդէն կանոնաւոր կերպով սկսած էին դպրոց եւ վերընտելացած դպրոցական առօրեային:
Առաւօտեան դպրոցական առաջին զանգին աշակերտները իրենց ուսուցիչներու գլխաւորութեամբ մէկտեղուեցան դպրոցին կեդրոնական բակին մէջ, Աստուածամօր արձանին եւ Մեսրոպ Մաշտոցի քանդակին դիմաց: Ծնողներու հոծ բազմութիւն մը եւս կը միանար վերամուտի բացման արարողութեան:
Ընկալեալ սովորութեամբ կրթական վերամուտը պիտի փոխանցէր նաեւ իր պատգամը:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգերու կատարումէն ետք, բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանիս տեսուչ պրն. Կարպիս Գապասագալեանը՝ կարեւորելով այս տարուան «ուրախ վերամուտ»-ի կարգախօսը: Ան ընդգծեց, որ ուրախութեամբ սկիզբ առած որեւէ աշխատանք վճռուած է յաջողութեամբ պսակուելու եւ, նոյն սկզբունքէն մեկնելով, աշակերտներուն խօսք ուղղելով թելադրեց ուրախութեամբ եւ սիրելով պատրաստել իրենց դասերը լաւագոյն արդիւնքներու հասնելու համար: Ան մասնաւորեց 2017-2018 կրթական տարեշրջանի պաքալորիայի եւ պրովէի պետական քննութեանց ձեռք բերուած 100% յաջողութիւնը, նամանաւանդ մեծաթիւ աշակերտներու յիշատակութեան արժանի արդիւնքները, ապա հրաւիրեց վարժարանիս տնօրէնուհի առաքինափայլ քոյր Արմինէ Մակարոսեանը, որ առաջին հերթին ջերմօրէն ողջունեց Գեր. տ. Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեանը, ինչպէս նաեւ աշակերտները, ծնողները, ծնողաց վարչութիւնը եւ վարժարանիս ուսումնական խնամակալ մարմինը: Ան իր սրտի խօսքին մէջ մաղթեց, որ 2018-2019 տարեշրջանը եւս դառնայ յիշատակելի եւ արդիւնաւէտ տարի մը, մանաւանդ իր հունձքերով, ինչպէս նաեւ կրթական ծրագիրներու արդի միջոցներու իրագործումով: Ապա յուզումնախառն ապրումներով կարեւորեց Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան նուիրեալ քոյրերու ծառայութիւնը, որ խաչի զօրութեամբ գործած ու յաջողած են իրենց ուխտին թելադրութեամբ եւ աննկուն կամքով նուիրուիլ ու ծառայել հայ սերունդներուն՝ ջամբելով քրիստոսադրոշմ հաւատքն ու մարդկային անփոխարինելի արժէքները եւ մանաւանդ հայեցի աւանդոյթները: Խօսքի աւարտին գնահատեց աշակերտներու ձեռք բերած գնահատելի արդիւնքները եւ շնորհաւորեց անոնց ծնողները, ապա հայցեց Տիրամօր օրհնութիւնը եւ վարժարանիս սրբուհիին՝ Հռիփսիմէին պաշտպանութիւնը:
Գերապատիւ հայր Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեանը կատարեց Աւետարանի թելադրութեամբ յորդորներ՝ միշտ ձգտելով լաւագոյնին ու կատարեալին, ապա կարեւորեց վերամուտի ցուցատախտակին վրայ արձանագրուած մէկ կարգախօսը, որ կ’ըսէ. «Ես դպրոց կու գամ իմ երազներս իրականացնելու…»՝ ընդգծելով, որ այդ երազը անհատին ձգտումն է, եւ ձգտումը Հռիփսիմեանցին առաքելութիւնն ու բնաբանն է «դէպի լոյս» հանելու կատարելագործումը: Ան իր խօսքի աւարտին պահպանիչով օրհնեց ներկաները՝ մաղթելով, որ 2018-2019 կրթական տարեշրջանը ըլլայ բարեյաջող եւ բարեբեր: Պաշտօնական բացման արարողութենէն ետք, աշակերտները ուղղուեցան դասարան, բայց մեծով-պզտիկով ժամադրուեցան ժամը 10:00-ի զբօսանքին՝ միատեղ ու միասնաբար երկու ժամ ըմբոշխնելու ուրախ վերամուտի ամբողջական հաճոյքը:
Աշակերտները զբօսանքի զանգին կրկին համախմբուեցան եւ երգի ու պարի մթնոլորտի մէջ մասնակցեցան այլազան խաղերու, ինչպէս նաեւ անոնք ազատ գծագրութեամբ եւ նկարչական գոյներով արտայայտեցին իրենց ապրումներն ու ձգտումները. դպրոցին բակը արտասովոր ու եռուն կեանքով վերագտաւ իր աշխուժութիւնը:
Աշակերտները խոստացան դպրոց յաճախել ուրախութեամբ:
Ուրախ վերամուտ, վերանորոգ կամք ու կորով:

Կ. Գ. 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին