ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ
Լայն պողոտային վրայ ինքնաշարժներու շարոցներ, ասֆալտին վրայ ամբողջ օրը հանդարտ կը սահէին:
Անոնցմէ հեռու, Պապ էլ Շաարէայի հին թաղին մէջ, «ֆթիրա» ծախող պզտիկ խանութի ճակտին զետեղուած զօրաւոր լոյսեր, իրիկունները մուտքը առատօրէն կը լուսաւորէին:
Ներսը պատէն կախուած՝ Րայիսին զինուորական համազգեստով, գոյնը նետած հին պատկերը կար, որուն քով խանութպանին լայն շրջանակով եւ անվարժ ձեռքերով գծուած խոշոր նկարը վերէն խանութ մտնողներուն կը նայէր:
Րայիսը այն օրերու նախագահ Կամալն էր, որ պզտիկ խանութի փողոցին մէջ եւ անկէ զատ ալ, գրեթէ միւս բոլոր ժողովրդական թաղերու բնակիչներուն եւ խանութպաններուն մօտ շատ սիրուած էր:
Սակայն երկրին եւ մինչեւ իսկ բուն Պապ էլ Շաարէյյայի թաղին մէջ բոլորին զգացումները Րայիսին հանդէպ միշտ նոյնը չէին, եւ կը գտնուէին խանութպաններ, որոնք պատին վրայ միայն պարզ յարգանքի համար կախուած կը պահէին իր պատկերը….:
Պապ էլ Շաարէան բազմամարդ թաղ էր, եւ կեանքը տարին ամբողջ՝ բնակիչներու երբեմն ուրախ, երբեմն ալ տկար օրերէն անհոգ, փողոցներուն մէջ իր սեփական կշռոյթով, անընդհատ կը հոսէր:
Ան առտուները դանդաղ կը սկսէր, սակայն արեւը դեռ չտաքցած՝ թաղին մէջ աւելցող եռուզեռով, վաճառորդներու կանչերով, ուտեստեղէններով կամ ապրանքներով լեցուն սայլակներու երթեւեկով, հետզհետէ կ’աշխուժանար եւ մինչեւ կէսօր, աւելի գունաւոր ու տրոփուն կը դառնար:
Անկէ ետք անկիւնի պզտիկ խանութին փողոցն ալ, թաղին մէջ գտնուող միւսներուն չափ կը գեղեցկանար, տարբեր տեսք կ’առնէր: Հոն ժամերը աղուոր հեքիաթներու նման մինչեւ գիշեր շուտ կ’անցնէին, եւ դեռ ուշ ատեններ փողոցը դեգերող անցորդներու սիրտին մէջ ալ, վազող կեանքը աւելի երկար վայելելու կարօտ կը ցանէին …:
Կեանքը կը վազէր, սակայն աշխոյժ էր, յոգնիլ չէր գիտեր, եւ յաջորդ օրը երբ խանութներուն փեղկերը սովորականին պէս կանուխէն բացուէին, ան առանց դժուարութեան կը սահէր եւ իր ամէնօրեայ հունին մէջ կը մտնէր:
Պզտիկ խանութին տէրն ալ, առտուները գործի սկսելէ առաջ մայթը կ’աւլէր, ջուր կը սրսկէր եւ ապակիէ ցուցափեղկն ալ օգնականին մաքրել կու տար: Յետոյ ներս կ’երթար, սեղանին վրայ «ֆթիրա»-ներուն առաջին տաշտի խմորը կը շաղէր, կը տրորէր եւ իրիկուան մօտեցող ժամերէն ու յաճախորդներու աւելցող թիւէն քիչ առաջ, օգնականին անգամ մը եւս աւլել կու տար խանութին մայթը:
«Ֆթիրա»-ն առանց թթխմորի, զանազան ձեւերով պատրաստուած եւ եփած խմորեղէն էր: Կային միսով, պանիրով կամ բանջարեղէնի միջուկով պատրաստելու ձեւեր, ինչպէս նաեւ կաթի թանձրացած քրեմով եւ խմորին վրայ բարակ փոշի շաքար ցանուած տարբերակը, որ առանց քրեմի եւ միայն իր պարզ ձեւով, մեր ընտանիքին նախընտրած տեսակն էր:
«Ֆթիրա» եփելը դժուար չէր: Խանութպանը խմորը նախ ձեռքով կը տափակցնէր, յետոյ օդին մէջ շրջանակաձեւ դարձնելով կը բարակցնէր, եւ երբ ուզած չափին հասնէր, կը դադրէր դարձնելէ ու առջեւի կրանիթէ սեղանին վրայ բծախնդիր կ’իջեցնէր:
Անկէ յետոյ բարակցած խմորը ալիւրոտ սեղանին վրայ կը բանար, մէջտեղը, ստացած ապսպրանքին համեմատ, պանիր կամ ուրիշ առատ միջուկ կը լեցնէր եւ չորս կողմի թեւերը իրար վրայ ծալելով՝ «ֆթիրա»-յին երեսը կը գոցէր ու փայտէ թիով փուռին մէջ կը հրէր:
Առանց թթխմորի կակուղ խմորով «ֆթիրա»-ն, փափուկ էր եւ փուռին մէջ շուտ կը կարմրէր ու շուտ ալ կ’եփէր:
Թաւ պեխերով խանութպանը բծախնդիր էր, կ’ուզէր համեղ «ֆթիրա»-ներ պատրաստել: Ան ամէն վայրկեան կը ծռէր եւ կը հետեւէր խմորեղէններուն եփելուն, եւ երբ փուռէն լաւ եփած, առողջ երեսներով «ֆթիրա»-ներ դուրս հանէր, կ’ուրախանար եւ ինքնագոհ դէմքով կը ժպտէր:
Սակայն, հակառակ իր զգուշութիւններուն, երբեմն «ֆթիրա»-ն չափազանց կը կարմրէր , եւ վրայի մասը գրեթէ այրած դուրս կու գար փուռէն:
Այն ատեն տաքութենէն կամ ալ կրակէն, «ֆթիրա»-յի երեսին վրայ բացուած պզտիկ տեղէ մը երբեմն շոգի կ’ելլէր, եւ խմորեղէնը սուլելու պէս ցած, հազիւ լսելի ձայն կը հանէր…:
Մարդը ծածկելու համար խմորեղէնին գրեթէ այրած այդ մասը, վրան անմիջապէս առատ փոշի շաքար կը ցանէր, եւ խաւաքարտէ ափսէի մը մէջ արագ ծրարելով ինծի կ’երկարէր:
Ան լուր չունէր, բայց ես կը սիրէի խմորին չափէն աւելի կարմրած, եւ ակռաներուս տակ փշրուող այդ «Քըթըր» մասերը, եւ խանութին մէջ միշտ փուռէն հեռու կեցած, անհամբեր անոնց եփելուն կը սպասէի:
Այն օրը երբ արեւի ճառագայթները նոր հեռացած էին խանութին երեսէն, գէր խանութպանը առջեւի կրանիթէ մաքուր սեղանին վրայ շարուած խմորի կակուղ գնդիկներուն քով, ուրիշներ ալ աւելցնելով զբաղած էր:
Իրմէ քիչ անդին, պատին վրայի իր նկարին տակ, ռատիոյի բաց գործիքէ մը, ձայնասփիւռի պետական կայանէն նոր սկսած, եւ անմիջապէս մեծ ժողովրդականութիւն գտած , «սիրեալ»-ի մը չեմ յիշեր քանիերրորդ հաղորդումը կը սփռուէր:
«Սիրեալ»-ները արաբերէնով «Մուսալսալա»-ներ էին, եւ այն օրերուն նորութիւն էին քաղաքին մէջ:
Անոնք մեծամասնութեամբ ժողովրդական թաղերու կեանքէն առնուած ամէնօրեայ յաջորդական հաղորդումներ էին, որ առաջին մէկ օրէն մեծ ընդունելութիւն գտած էին երկրին մէջ:
Պզտիկ խանութին մէջ «ֆթիրա» եփող խանութպանն ալ, ուրիշներու նման կը սիրէր «մուսալսալա»-ները եւ ամբողջ օրը անոնց գալիք ժամերուն կը սպասէր:
Ականջը ռատիոյի գործիքին տուած՝ պատմութեան եւ խօսքերուն մեծ կարեւորութեամբ կը հետեւէր, եւ երբ տեղ մը ըսուածին կամ պատահած բաներուն համաձայն չ’ըլլար, գլուխը երերցնելով քովը դրուած գաւաթ մը ջուրը բերանը կը տանէր, ու յետոյ փուռին առջեւ կեցած՝ փայտէ թիով իր գործը կը շարունակէր:
Երբեմն երբ յաճախորդը ծանօթ ըլլար, խանութպանը հաղորդումին համաձայն չեղած կէտերուն մասին հետը ազատ մեկնաբանութիւններ կ’ընէր:
Սակայն խանութին մէջ գտնուող ուրիշ յաճախորդներ միշտ համաձայն չէին գտնուեր այդ մեկնաբանութիւններուն, կը գանգատէին, կը վիճաբանէին եւ երբեմն ալ թաղեցի ըլլալու հանգամանքով, կը փորձէին իրենց կարծիքը մինչեւ իսկ ներկաներուն պարտադրել:
Այն ատեն խանութին մէջ մթնոլորտը կը տաքնար, երբեմն վիճաբանութենէ գրեթէ կռիւի կը փոխուէր, եւ կողմերուն «տաք գլուխ»-ները իրարու բարձրաձայն սպառնալիքներ կ’ընէին:
Այդ վայրկեաններուն խանութպանը կը միջամտէր, եւ խօսելով կը փորձէր կողմերը հանդարտեցնել:
Սակայն «մուսալսալա»-ներուն պատմութիւններն ալ կարելի չէր անտեսել եւ մտիկ չընել: Անոնք միշտ հետաքրքրական էին, եւ նիւթերն ալ, սիրոյ կամ նախանձի պատճառով պատահած սովորական կռիւներէ, կամ ծեծուըռտուքներէ զատ, ժողովրդական թաղերու մէջ մութ գործեր կազմակերպող, եւ չարագործերու խմբակներ կառավարող «Մուալլիմ»-ներու մասին ալ էր:
«Մուալլիմ» բառը ներկաներուն բոլորին ծանօթ էր, եւ արաբերէնով տառացիօրէն ուսուցիչ կը նշանակէր: Սակայն ռատիոյի սփռումներուն մէջ որոշ անձերու տրուած այդ անունը, միշտ «մեծաւոր»-ի իմաստով կը գործածուէր, որովհետեւ տէրերը չարագործ խմբակներու գործօն մեծերն էին, եւ հաշիշի կամ անոր նման արգիլուած թմրանիւթերու գործերով կը զբաղէին…:
Բայց անոնք մեծ ազդեցութիւն ունէին թաղերու մէջ, եւ հազուադէպօրէն օգտակար գործեր ալ կը կատարէին իրական կեանքին մէջ:
Ժողովուրդը կը սիրէր մուսալսալաները եւ ամէն օր ճիշտ ժամուն, ռատիոներէն տենդագին կը հետեւէր նախորդ օրուայ կիսատ մնացած պատմութիւններուն:
Այն օրը իրիկնամուտի «մուսալսալա»-ներու ժամուն, երբ խանութ մտայ, խումբ մը յաճախորդներ ռատիոյի գործիքին դիմաց կեցած, «մուալլիմ»-ներու պատմութիւններուն կը հետեւէին:
Առատ լոյսերով խանութը լեցուն էր:
Տէրը քրտնած ճակատով փուռին մօտ արագ կ’աշխատէր, եւ կրանիթէ սեղանին վրայ արդէն պատրաստ խմորեղէններ, կարգով եփելու կը սպասէին:
Խանութպանը վայրկեան մը ծռեցաւ, եւ փուռէն ներս տեղաւորելիք նոր «ֆթիրա»-ներուն համար փայտէ թիով տեղ բացաւ, բայց հազիւ քանի մը խմորեղէններ փուռին մէջ հրած՝ յաճախորդներէն մէկը, «սիրեալի»-ն մէջ ըսուած բանի մը մասին բարձրաձայն ակնարկութիւն ըրաւ, դիմացէն ուրիշ մը չուշացաւ անոր պատասխանելու, եւ երկուքը յանկարծ բռնկող յարդի պէս, անմիջապէս վէճի բռնուեցան:
Անկէ ետք շուրջիններն ալ անոնց միացան եւ քիչ առաջուան վիճաբանութիւնով սկսածը հետզհետէ կռիւի մօտեցաւ: Անհաւատալի էր: Մարդիկ որքա՜ն զգայուն էին, եւ զգացումներով ալ որքա՜ն դիւրին եւ հեռու կը տարուէին Եգիպտոսի մէջ…:
Խանութպանը յաճախորդները հանդարտեցնելու համար հեռացաւ փուռէն եւ սովորականին պէս փորձեց խօսելով միջամտել, բայց երբ վերադարձաւ, տեսաւ, որ այլեւս ուշ էր, որովհետեւ «ֆթիրա»-ներուն մէկ մասին երեսները արդէն այրիլ սկսած էին:
Մարդը փայտէ թին ձեռք առաւ եւ երեսները այրած «ֆթիրա»-ները փուռէն դուրս հանեց: Յետոյ լուռ, շուրջը բարկացած նայուածք մը պտըտցուց եւ երբ յանկարծ յաճախորդներուն ետեւը կեցած պզտիկ հասակս նշմարեց, կարծես զիս չճանչցած՝ խիստ ձայնով
-Ի՞նչ կ’ուզես,- հարցուց:
-Ե՞ս …
Զարմացայ: Մարդը զիս կը ճանչնար եւ առաջին անգամը չէր, որ իրմէ «ֆթիրա» կը գնէի …
-Ի՞նչ կ’ուզէի …
Հարցումը տարօրինակ էր եւ անհասկնալի …:
-Ի՞նչ կուզէի …
Ուզեցի բերանս բանալ եւ միտքէս անցածներէն շատ բաներ ըսել իրեն, բայց չհամարձակեցայ եւ շուարած՝ «այրած խմորեղէնին համա՞ր է այս բարկութիւնը արդեօք» հազիւ կրցայ հարցնել ինքզինքիս:
Յանկարծ մտքիս մէջ ձայն մը կասկած արթնցուց մէջս:
-Մարդը այս բարկացած վիճակին մէջ դեռ պիտի ընդունէ՞ր փոշի շաքարով «ֆթիրա» պատրաստել ինծի…:
Խանութին մէջ քիչ առաջուան վիճաբանող յաճախորդները հիմա ոտքի կեցած՝ հանդուրժողական ոգիով եւ աւելի ցած ձայնով դեռ կը վիճաբանէին…:
-Ըսէ՛, ի՞նչ կ’ուզես ,- կրկնեց խանութպանը բարձրաձայն:
-Ամէն անգամուանը… միայն փոշի շաքարով…
Հաստ շրթունքներով մարդը չպատասխանեց: Դարձաւ եւ քովի տախտակէ քառանկիւն տաշտին վրայի ճերմակ լաթը բացաւ: Տակէն անմիջապէս խմորէ կակուղ գնդիկներ երեւցան: Խանութպանը լոյսին տակ անոնցմէ ժպտուն հատ մը զատեց, օդին մէջ «ֆթիրա»-ներ պատրաստելու ճարպիկ շարժումներով քանի մը անգամներ դարձուց եւ յետոյ մեծցած տրամագիծով բարակ խմորը կրանիթէ ալիւրոտ սեղանին վրայ դրաւ ու բացաւ:
Ես արդէն գիտէի այդ բոլորը, եւ ինծի համար «ֆթիրա»-ներ պատրաստելու իր յաջորդ քայլերուն մէջ նորութիւն չկար այլեւս:
Ներսը օդափոխիչ չկար, եւ վառած փուռին ու հաւաքուած մարդոց պատճառով ալ օդը տաքցած էր:
Ուզեցի դուրսի օդը շնչել:
Քայլ մը առի, բայց հազիւ սեմին հասած՝ կանգ առի ու ետեւի փողոցներէն եկող նուագի եւ թմբուկներու մօտեցող ձայներ լսեցի:
Նուագը ներդաշնակ չէր, եւ թմբկահարին թմբուկին տուած հարուածներու ձայնէն ինծի այնպէս թուեցաւ, որ նուագելէ աւելի, նպատակը աղմուկ հանել եւ անցորդներուն ուշադրութիւնը գրաւել էր միայն…:
Սակայն նպատակը աղմուկ հանել ըլլար կամ ոչ, թմբուկին ձայները երթալով մօտեցան, եւ քիչ վերջ փողոցի ծայրին «Հասապ Ալլահ»-ի փոքրիկ նուագախումբ մը երեւցաւ:
Հասապ Ալլահները այն օրերուն Գահիրէի փողոցներուն մէջ նուագող, եւ հին թաղերու հասարակ ժողովուրդին ուրախութիւն բերող, պզտիկ, շրջուն եւ պարզ նուագախումբեր էին, որոնք դրամական պզտիկ վարձատրութեան մը փոխարէն փողոցէ-փողոց կը պտըտէին եւ ֆիլմերու կամ ուրիշ ամէն տեսակ բաներու ծանուցումներ կ’ընէին: Խումբին թիւը հինգ կամ վեց հոգիէն աւելի չէր անցներ, եւ երբ իրենց համեստ համազգեստներով փողոցներուն մէջ երեւնային, պզտիկ տղաք եւ աղջիկներ անոնց ետեւէն կը վազէին, եւ թաղեցիներ, նոյնիսկ պատահական կամ առանց նպատակի քալող անցորդներ ալ, ծափերով կ’ընկերանային ու կը հետեւէին նուագախումբին քայլերուն:
Այն ատեն խումբին չափը կը մեծնար, անոնցմով գրեթէ չափաւոր նուագախումբի մը տողանցքին ձեւը կ’առնէր, եւ փողոցին տեսքը յանկարծ աւելի լեցուն ու աւելի կեանքոտ կը դառնար:
Բայց խումբին շուրջ իսկապէս ուրախ մթնոլորտ ստեղծելու համար, դեռ մէկ կամ երկու թզուկ ծաղրածուներ ալ, առջեւէն կամ ետեւէն կը քալէին, եւ ճամբան զանազան խեղկատակութիւններ կ’ընէին:
Անոնց ետեւէն եկող գունաւոր եւ անկանոն համազգեստով «Հասապ Ալլահ»-ն ալ, քալած ժամանակ ժողովորդական հին կամ նոր ծանօթ երգեր կը նուագէր, չորս դին ուրախութիւն կը ցանէր եւ փողոցին մէջ խեղկատակներուն պարերով եւ նուագի եղանակներով, վայրկեան մը տօնական ուրախ մթնոլորտ կը ստեղծուէր:
Հին երգերը սիրելի էին: Անոնք յիշատակներու հետ կապ ունէին եւ սիրտերու մէջ կարօտ կ’արթնցնէին…:
Մարդիկ երբ լսէին երգերուն մօտենալը, խանութներէն դուրս կը թափէին, եւ մայթերուն վրայ կեցած՝ հետաքրքրութեամբ կը դիտէին նուագախումբին անցնիլը:
Իսկ տուներու բաց պատուհաններէ ալ, յաճախ հետաքրքիր գլուխներ, փողոցէն անցնող ուրախութեան ձեռք կ’ընէին:
Փողոցը այդ ժամերուն կը կենդանանար, եւ նուագախումբն ալ իր ներկայութիւնը աւելի զգալի դարձնելու համար, դեռ երբեմն տեղ տեղ կը կենար, կամ ալ դիտմամբ աւելի դանդաղ քայլերով կը յառաջանար եւ կ’ուշանար…:
Այն օրուան «Հասապ Ալլահ»-ի նուագախումբը, միւս բոլոր տեսածներուս պէս փողային էր, եւ նուագած ժամանակ դեղին ու փայլուն պղինձէ գործիքներ կը գործածէր:
Ան խողովակաձեւ փողերով, շեփորով, թմբուկով եւ ծնծղաներով փողոցներէն կ’անցնէր, անցորդներուն, խանութպաններուն եւ ժողովուրդին ուշադրութիւնը իր վրայ կը հրաւիրէր եւ կեանքը այդ գործիքները նուագելով կը վաստկէր:
Այն օրը երբ խումբը «ֆթիրա» ծախող խանութին մօտեցաւ, առաջին գիծին վրայ մեծ փորով մարդ մը, պղինձէ լայն բերանով խոշոր շեփորի մը մէջ, ուռած այտերով անդադար շունչ կը փչէր, եւ միեւնոյն ժամանակ ալ քալող խումբը կը կառավարէր:
Յանկարծ մարդուն ձեռքի մէկ նշանին վրայ, խանութին առջեւի խաչմերուկին մօտ նուագախումբը կեցաւ եւ դադրեցաւ նուագելէ: Յետոյ վայրկեան մը ետք իր երկրորդ նշանին վրայ, թմբկահարը քանի մը ուժով հարուածներ տուաւ, եւ «Հասապ Ալլահ»-ը սկսաւ անմիջապէս « Ահ Եա Զէյն»-ը նուագել:
«Ահ Եա Զէյն»-ը հին երգ էր, ես ծանօթ էի, եւ հակառակ որ այդ տարիքիս երաժշտութեան մասնագէտ չէի, «Հասապ Ալլահ»-ի նուագախումբը այնքան փորձառու ձեւով եւ սահուն նուագեց, որ այն օրը երգը գիտցածէս քառապատիկ աւելի գեղեցիկ երեւցաւ ինծի:
Ես կը սիրէի «Ահ եա Զէյն»-ը: Ան միջինարեւելեան հին երգ էր եւ ուրիշ առիթներով ալ շատ անգամներ լսած էի արդէն:
Ճիշդ էր, որ բոլոր բառերուն ծանօթ չէի, բայց անոնց եղանակին ընկերացող փողային գործիքներու զիլ ձայները եւ յաճախ կրկնուող եղանակը ես այնքան սիրած էի, որ ամէն անգամ լսելուս, ականջներուս մէջ երկար ժամանակ կը մնային, ու ես մինչեւ ձանձրանալս միտքէս կ’երգէի…:
Խանութին առջեւ, «Հասապ Ալլահ»-ին շուրջ, հիմա բազմութիւն հաւաքուած էր, եւ թմբկահարը մթնոլորտը տաք պահելու համար, խումբին առջեւ կեցած, տեղքայլի շարժումներով եւ կշռոյթով, թմբուկին թեթեւ հարուածներ կու տար:
Ժողովուրդը փողոցին մէջ հիմա խանդավառուած էր, եւ նուագախումբը շրջապատած, ծափերով հարուածներուն կ’ընկերանար: Մթնոլորտը վարակիչ էր եւ թմբուկի ձայնին եւ ուրախ ակնկալիքներու հետ երթալով կը տաքնար:
Քիչ վերջ ամէն կողմէ եկող փափաքներու վրայ, «Հասապ Ալլահ»-ը «Ահ եա Զէյն»-ը երկրորդ անգամ սկսաւ նուագել, բայց յանկարծ տեղէ մը հով ելաւ, փողոցին մէջ փոշի բարձրացաւ եւ շեփոր նուագող մարդուն որոշումին վրայ նուագախումբը շարժեցաւ, ու փողոցներուն մէջ դանդաղ քայլերով, հովերուն հետ նուագելով հեռացաւ:
Ես «ֆթիրա»-յի խանութին սեմին կեցած՝ հեռուէն դեռ լսեցի «Ահ եա Զէյն»-ին թաւալուն եւ հետզհետէ մարող եղանակը, բայց «Հասապ Ալլահ»-ին փողոցին բերած ուրախութիւնը, ինծի համար չմարեցաւ եւ մտքիս մէջ մնաց:
Լայն պողոտային վրայ ինքնաշարժներու շարոցներ, սովորականին պէս այն օրը ասֆալտին վրայ ուրախ կը սահէին:
Բայց անոնցմէ հեռու, Պապ էլ Շաարէայի թաղին մէջ «Հասապ Ալլահ»-ի նուագածուներու շունչէն եւ փայլուն գործիքներու ձայնէն մնացած տարբեր եւ ուրիշ ուրախութիւն մը օդին մէջ շրջան կ’ընէր եւ փողոցն ի վար գլտորելով փչող հովին հետ զուարթօրէն կը խաղար…:
Քամփինաս, Պրազիլ






