«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան առաջնորդ Սամիր Ժաաժաա կոչ ուղղեց ոչ միայն ԼՈ-ի զօրակիցներուն, այլեւ անոր պաշտօնատար անդամներուն որեւէ ձեւով չմեկնաբանելու երկրին մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակը կամ չարձագանգելու անոր հետ աղերս ունեցող յայտարարութեան, մասնաւորաբար կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ առկայ փակուղիին հետ կապուած:
Կիրակի օրուան մեկնաբանութեան մէջ Ժաաժաա յստակօրէն ընդգծեց, թէ կոչ ուղղելու պատճառը այն պարզ ճշմարտութիւնն է, որ տարաձայնութիւնները երբեք չեն լուծուիր, եթէ կողմերը շարունակեն հրահրել իրավիճակը: Անոնց լուծումը պայմանաւորուած է կառուցական երկխօսութեամբ եւ, ամենակարեւորը, տարաձայնութիւնները հնարաւորինս նուազագոյնի իջեցնելու ուղղութեամբ գործարկուած ջանքերով:






