«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի արտահերթ նիստին ամփոփուեցաւ Երեւանի աւագանիի 2018 թուականի Սեպտեմբեր 23-ի արտահերթ ընտրութիւններու քուէարկութեան արդիւնքները եւ ստորագրուեցաւ համապատասխան արձանագրութիւնը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, քուէարկութեան վերջնական արդիւնքները հետեւեալ տեսքը ունին․
Բոլոր 475 տեղամասերուն մէջ կատարուած հաշուարկով «Իմ քայլը» դաշինքի օգտին քուէարկած է 294 հազար 92 քաղաքացի կամ ընտրութեան մասնակիցներու 81,05 տոկոսը:
Երկրորդ տեղը կը գրաւէ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը, ուրուն օգտին քուէարկած է 25 հազար 218 ընտրող կամ ընտրութեան մասնակիցներու 6,95 տոկոսը:
Երրորդ հորիզոնականին վրայ «Լոյս» դաշինքն է: «Լոյս» դաշինքի օգտին քուէարկած է 18 հազար 114 ընտրող կամ ընտրութեան մասնակիցներու 4,99 տոկոսը:
ՀՅԴ-ի օգտին քուէարկած է 5.882 ընտրող կամ 1,62 տոկոսը: ՕԵԿ-ի օգտին քուէարկած է 3.947 ընտրող կամ 1,09 տոկոսը: «Երկիր ծիրանի» կուսակցութեան օգտին քուէարկած է 5 հազար 59 մարդ կամ ընտրութիւններուն մասնակցած քաղաքացիներու 1,39 տոկոսը: «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան օգտին քուէարկած է 2.709 ընտրող կամ 0,75 տոկոսը: «Երեւանցիներ» դաշինքի օգտին քուէարկած է 2986 քաղաքացի կամ 0,82 տոկոսը: «Երեւանի հանրութիւն» դաշինքի օգտին քուէարկած է 2.502 քաղաքացի կամ 0,69 տոկոսը: «Հայկազուններ» կուսակցութեան օգտին քուէարկած է 692 ընտրող կամ 0,19 տոկոսը: «Ռեֆորմիստներու» կուսակցութեան օգտին քուէարկած է 792 ընտրող կամ 0,22 տոկոսը: «Ժողովրդավարական ուղի» կուսակցութեան օգտին քուէարկած է 799 քաղաքացի կամ 0,22 տոկոսը:
Ընտրելու իրաւունք ունեցողներու ընդհանուր թիւը կազմած է 848 հազար 343: Քուէարկութեան մասնակցած է 370.368 քաղաքացի կամ 43,66 տոկոս, իսկ անվաւեր քուէաթերթիկներու թիւը 7.539 է:






