Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Արցախցի Մարզիկը՝ Աւանդական Քարաթէի Եւրոպայի Ախոյեան

Սերպիոյ մէջ կայացած աւանդական քարաթէի Եւրոպայի առաջնութենէն արցախցի մարզիկ Վարդան Ղալայեանը վերադարձած է ախոյեանի տիտղոսով: 16 տարեկաններու պայքարին մէջ մեր քարաթէիստը յաղթած է բոլոր մենամարտերուն: Սեպտեմբեր 23-ին ախոյեանը դիմաւորած են «Մենք ենք մեր լեռները» յուշարձանի մօտ:

Աւանդական քարաթէի Եւրոպայի ախոյեանը հայրենիքի մէջ դիմաւորած են ախոյեանավայել կերպով: Դափնեպսակին կ’աւելնայ եռագոյն դրօշը, հայկական աւանդական աղուհացն ու ջերմագին շնորհաւորանքները՝ ախոյեանին եւ իրարու: Սերպիոյ մէջ կայացած աւանդական քարաթէի Եւրոպայի առաջնութեան տասնվեցամեայ Վարդան Ղալայեանը յաղթած է իր տարիքային խումբին մէջ: «Չորս տարեկանէս կը մարզուիմ: Սա իմ առաջին յաղթանակս չէ: Այս յաղթանակս կը նուիրեմ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հերթական տարեդարձներուն»,- Ստեփանակերտի մատոյցներուն մէջ Պապիկ-տատիկի յուշարձանին մօտ յուզումը չի թաքցներ օրուան հերոսը՝ Վարդան Ղալայեանը:

Վարդանի խօսքով՝ ոչ միայն յաղթելը դժուար է, այլ նաեւ ախոյեանի տիտղոսի պաշտպանութիւնը: Պելկրատ քաղաքին մէջ կայացած աւանդական քարաթէի առաջնութեան մասնակցած են աւելի քան 40 պետութեան ներկայացուցիչներ: Մեր մարզիկի օգտին աւարտած են բոլոր չորս մենամարտերը: Մինչ այդ Վարդանը ծանրաբեռնուած ծրագիրով շարունակած է մարզումը եւ ցանկալի արդիւնք ապահոված: Մարզիչը իր ազգականն է, որ աւելի կանուխ Եւրոպայի մէջ յաջողութիւններու հասած է: «Երբ մարզադահլիճ կը մտնենք, մենք մէկ կողմ կը դնենք եղբայրական յարաբերութիւնները: Այդպէս մենք գործին կը մօտենանք մարզական տեսանկիւնէ, ինչպէս մարզիչն ու մարզիկը: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ մարմնակրթութիւնը կը սրէ կարգապահութիւն, եւ առանց անոր այստեղ լաւ արդիւնքի չես հասնիր»,- կը վստահեցնէ Վարդանի մարզիչը՝ աւանդական քարաթէի Եւրոպայի բացարձակ ախոյեան Միքայէլ Մխիթարեանը:

Վարդանի գրանցած արդիւնքին ոչ միայն մարզիչները սպասած են, այլ նաեւ մարզիկի ընկերներն ու հարազատները: Պատանի ախոյեանի հետ լուսանկարուած են «Մենք ենք մեր լեռները» յուշարձանի մօտ: Մտերիմները յոյսով են, որ մարզաշխարհին մէջ յաղթարշաւը պիտի շարունակուի՝ բարձր պահելով Արցախի անունը միջազգային հարթակներու վրայ:

Այս յաղթանակը պատանի արցախցի մարզիկի հերթական նուաճումն է մարզաշխարհին մէջ: Աւելի կանուխ, Վարդան Ղալայեանը աւանդական քարաթէի Եւրոպայի ախոյեանի տիտղոսը նուաճած էր երեք, աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը՝ մէկ անգամ:

Հայատեացութիւնը՝ Պետական Գաղափարախօսութիւն. Արցախի ՄԻՊը Փաստը Օրինակներով Կ’ապացուցէ Ազրպէյճական Աղբիւրներէ

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը Սեպտեմբեր 25-ին հրապարակած է «Հայատեացութիւնը Ազրպէյճանի մէջ. կազմակերպուած ատելութեան խօսքն ու թշնամութիւնը ընդդէմ հայերուն» յատուկ զեկոյցը: Ծաւալուն փաստաթուղթը տասնեակ օրինակներ կը մէջբերէ, որոնք կ’ապացուցեն, որ Ազրպէյճանի մէջ հակահայ քարոզչութիւնը կ’ուղղորդուի եւ կը հովանաւորուի առաջին դէմքի՝ նախագահի մակարդակով: Ի դէպ, նոյն ինքն նախագահն է որ ամէնէն աղմկայարոյց յայտարարութիւններու յաճախակի հեղինակը կը դառնայ՝ հայերուն հասցէագրուած վիրաւորանքներէն մինչեւ Երեւանը գրաւելու սպառնալիք: «Այդ բոլոր ձեւակերպումները պաշտօնական լրահոսէն չես ջնջեր: Եւ ինքը բացարձակապէս չ’ամչնար նման ձեւակերպումներէ, վստահ է իր  անպատժելիութեան մէջ»,- կ’ընդգծէ քաղաքագէտ, ազրպէյճանագէտ Անժելա Էլիպեկովան:

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը վստահ է, որ նման պահուածքի վրայ ազդելու գործիքներ կան: Եւ նոյնիսկ Արցախի կարգավիճակին մէջ կարելի է կիրարկել այդ գործիքակազմը՝ Պաքուի հռետորաբանութիւնը ճնշելու կամ առնուազն անոր վրայ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը սեւեռելու համար: Ռուբէն Մելիքեանը կը վստահեցնէ, որ պիտի դիմէ բոլոր ատեաններուն: «Ինչո՞ւ չէ՝ Եւրոպական դատարանը, ինչո՞ւ չէ՝ ՄԱԿ-ի դատարանները: Իմ կարծիքովս՝ ապացուցողական համակարգը, մեղմ ըսած, թոյլ չէ: Կրնանք ապացուցել եւ առնուազն դատապարտող յայտարարութիւններու հասնիլ»,- կ’ընդգծէ Ռուբէն Մելիքեանը:

Ինչպէս կը վերաբերին անոր միջազգային կառոյցները՝ ցոյց կու տայ ժամանակը: Բանախօսներէն Ռաֆֆի Դուդակլեանը համոզուած է, որ ընելիք կայ նաեւ հիմա: Ազրպէյճանի ռազմական հռետորաբանութիւնն ու այլատեացութեան տարածումը հայութեան կը պարտադրէ պատրաստուիլ ինքնապաշտպանութեան եւ դեռ ալ աւելիին: «Ատիկա մեզի իրաւունք կու տայ բոլոր մակարդակներուն վրայ ինքնապաշտպանուելու: Եւ այդ մէկը առաջին հերթին կը նշանակէ, որ իրաւունք ունինք նաեւ ինքնապաշտպանութեան համար հասցնելու կանխարգիլիչ հարուածներ, ինչպէս որեւէ այլ երկիր կրնայ ընել»,- կը կարեւորէ «Թուֆենկեան» հիմնադրամի տնօրէն Ռաֆֆի Դուդակլեանը:

Արցախի ՄԻՊ-ը յատուկ զեկոյցը պատրաստած է «Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամի աջակցութեամբ: Զայն համապատասխան կառոյցներուն հասցնելու հարցին մէջ հիմնադրամն ու Արցախի ՄԻՊ-ը պիտի օգտագործեն իրենց արտասահմանեան գործընկերներու հնարաւորութիւնները եւս:

Յետգրութիւն

Այս յատուկ զեկոյցը Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի պաշտօնին Ռուբէն Մելիքեանի թերեւս վերջին նախաձեռնութիւնն էր: Զեկոյցը հրապարակելէ մէկ օր ետք՝ Սեպտեմբեր 26-ին, Ռուբէն Մելիքեանը ՄԻՊ-ի պաշտօնէն հրաժարական ներկայացուցած է՝ հիմնաւորելով, որ աշխատանքը պիտի շարունակէ ոչ պետական հատուածի մէջ՝ դարձեալ որպէս իրաւապաշտպան:

 

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին