«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Այժմ Գանատա գտնուող Մարոնի պատրիարք Պշարա Ռաաի ի պատիւ իրեն տեղի ունեցած ընդունելութեան արարողութեան ժամանակ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ այլեւս ժամանակը հասած է, որ վերջնականապէս աւարտին շարունակուող բանակցութիւնները եւ ի կատար ածուի կառավարութեան կազմաւորումը: Այս մասին Ուրբաթ հաղորդեց Ազգային լրատուական գործակալութիւնը:
«Պէտք է վերջ դնել բանակցութիւններուն,- ըսաւ Ռաաի նախագահ Միշէլ Աունի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի ուղղուած մեկնաբանութիւններուն մէջ:- Ժամանակն է որ ա՛լ յայտարարուի նոր կառավարութեան կազմաւորումը, որովհետեւ երկիրը ակնբախօրէն կ’երթայ կործանումի»:






