«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ընդհանուր անվտանգութիւնը Ուրբաթ յայտարարեց, որ այսօր հարիւրաւոր գաղթականներ Լիբանանի զանազան շրջաններէ պիտի վերադառնան Սուրիա:
Վերադարձը պիտի մեկնարկէ առաւօտեան ժամը 6-ին Պուրճ Համուտ, Թրիփոլի, Աքքար, Պեքաա, Նապաթիէ, Շեպաա, Սայտա եւ Պաալպեք-Հըրմել շրջաններէն:
Գաղթականները պիտի հատեն Մասնաա, Ապպուտիէ եւ Զարմանի սահմանային անցակէտերը: