Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Հայաստանի Սահմանը Հատած Թուրք Տղան Վերադարձած Է Տուն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Յուլիս 24-էն Հայաստանի ուժային կառոյցներու հսկողութեան տակ գտնուող ու վերջերս ազատ արձակուած թուրք տղան վերադարձած է Թուրքիա: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին կը յայտնէ «Daily News»-ը` յղում ընելով թրքական «Անատոլու» գործակալութեան:

Ումութ Ալի Օզմենը հատած է վրաց-թրքական սահմանը` հասնելով մինչեւ հիւսիս-արեւտմեան Արտահան նահանգի Թիւրգիոզիւ սահմանամերձ բնակավայրը: Ճանապարհորդութեան ընթացքին 16-ամեայ երիտասարդին ուղեկցած է հայրը` Մուսթաֆա Օզմենը:

Օզմենը, որ ընտանիքին հետ կ’ապրի Թուրքիոյ հիւսիս-արեւմտեան Կարս նահանգի Աքիաքա բնակավայրը, հայկական անվտանգութեան ուժերուն կողմէ բերման ենթարկուած էր Յուլիս 24-ին, երբ, ըստ թրքական սահմանապահ դիրքի տեսանկարահանող սարքերու տեսագրութեան, Շիշ թումբի մօտ հօտը արածելու ընթացքին հատած էր սահմանը:

Օզմենը ազատ արձակուած է Սեպտեմբեր 25-ին:

Քանի որ Թուրքիան ու Հայաստանը պատմական տարաձայնութիւններու պատճառով չունին դիւանագիտական յարաբերութիւններ, Վրաստանը այս խնդրով հանդէս եկած է որպէս միջնորդ:

16-ամեայ պատանին ու իր հայրը Թիւրգիոզիւի սահմանային անցակէտին մօտ դիմաւորած են Փոսոֆի նահանգապետ Էնվեր Իլմազոմը եւ Փոսոֆի քաղաքապետ Կախիթ Ուլգարոմը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին