«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ «ի պատասխան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին Իսրայէլի վարչապետի տուած ուղերձին ըսաւ, որ Իսրայէլ տեւաբար հանդէս կու գայ Լիբանանի վրայ յարձակելու հիմնաւորումներով:
«Ահաւասիկ Իսրայէլը, որ դարձեալ կը փորձէ հանդէս գալ պատրուակներով: Ինչո՞ւ: Որպէսզի լաւագոյնս հիմնաւորէ Լիբանանի վրայ յարձակում իրականացնելու «նախադրեալները»: Բաց աստի, ան կը պատրաստուի խախտելու պետութիւններու ինքնիշխանութիւնը Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան հարթակին վրայ»,- ըսաւ Պասիլ:
Յայտնենք, որ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին տուած ուղերձի ժամանակ Իսրայէլի նախագահ Նաթանիահու ըսած էր, թէ Հըզպալլա կ’օգտագործէ հրթիռային թաքնուած կայքեր Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրի միջազգային օդակայանին մօտ, իսկ միւս կողմէ՝ Լիբանանի քաղաքացիները՝ որպէս մարդկային վահաններ:






