«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ Անթալիա նահանգին մէջ երկրաշարժ տեղի ունեցած է:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ թրքական «CNN Turk»-ը:
Երկրաշարժի ուժգնութիւնը հասած է 4 աստիճանի:
Աւերածութիւններու եւ զոհերու վերաբերեալ տակաւին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր: