Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Բարեփոխութիւն

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Թարգմանչական գործընթացը դժուարին ու բարդ ճանապարհ է, ուստի արուեստի ծիրին կը պատկանի: Թարգմանչական ամէն գործ ընդհանրապէս կը սկսի անոր դժուարութիւններուն անդրադառնալով, մանաւանդ եթէ կը պատկանի ի մասնաւորի բանաստեղծութեան մարզին, ուր իմաստին հետ չափն ու յանգը կը կարեւորուին. անպայման բան մը պիտի տուժէ իր բնագիրէն եթէ նոյնիսկ հեղինակը ինքն է թարգմանողը, ինչպէս եղաւ պարագան Ր. Թակորին: Անցնելով թարգմանական այլ գործի մը, որ է Սաղմոս 23-ը, ամէնէն տարածուած ու սիրուածն է: Հելեն Քելըրին հարց են տուեր, թէ ամէնէն սիրած Սաղմոսը ո՞րն է. պատասխանը եղեր է 23-րդը: Ու տարիներ ետք նոյն հարցումին տուեր է նոյն պատասխանը:

Շատ մեկնաբանութիւններ կան այս հոգեյոյզ եւ հանգստացնող Սաղմոսին մէջ: Սակայն վերջին հրատարակութեան մէջ անկէ ԲԱՌ ՄԸ փոփոխութեան ենթարկուած է նորագոյն թարգմանութեամբ, ուրկէ «թշնամի» բառը տեղի տալով «ընդդիմադիր» շապիկը հագած է:

«Սեղան կը պատրաստես իմ թշնամիներուս դիմաց»… «ԹՇՆԱՄԻ» բառը ազատուած է…

Երբեմն ոչ թէ բառ մը, այլ տառ մը, շեշտ մը, բութ մը կրնան իմաստազրկել գրութեան մը միտքը, կամ նուազագոյնը անորոշութեան մատնել:

Զապէլ Եսայեանի «Աւերակներուն մէջ» խորագիրը կրող գիրքը յստակօրէն ցոյց կու տայ Ատանայի եւ շրջակայքի 1909-ի ջարդերուն պատկերը, մանրամասն նկարագրութիւնը վերապրողներու բերնէն: Առիթով մը մէջբերում կատարուած էր վերոյիշեալ գրքոյկէն իբր «Աւերակներու մէջ» Ն տառին զլացումով, որով անորոշ կը մնայ վայրը:

Անձնապէս չեմ սիրած «թշնամի» բառը, սակայն կեանքը կը ստիպէ ու ամէն բառ, որ հնարուած է, հարկի մը պարտադրանքը կամ արդիւնքն է:

Երբ թշնամի է, թշնամի ըսէ:

Երբ ընդդիմադիր է՝ ընդդիմադիր:

Իսկ երբ անտարբեր է, ի՜նչ լաւ է անտարբեր բառը:

Դեռ կան բազում ածականներ եղելութիւններ բնորոշող, դրական թէ ժխտական, գոյներ, կարմիր կապոյտ ծիրանագոյն թէ այլ, վերջապէս ամէն նօթ (երաժշտական) իր ձայնն ու հնչեղութիւնն ունի:

Երանի՜ կարենանք «թշնամի»-ն ո՛չ թէ «ընդդիմադիր»-ի վերածել, կամ բարեփոխել, երբ գոյ է, այլ ընդմիշտ աշխարհէն «ԱԶԱՏԵԼ», որպէսզի ա՛լ չխնդրենք.

«ՏՈՒՐ ԱՇԽԱՐՀԻՍ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին