«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախարարաց խորհուրդի կազմաւորման գործընթացին մէջ առկայ փակուղին վերացնելու ուղղուած ջանքերը պիտի վերագործարկուին աշխատանքային հնգօրեայ այցով Նիւ Եորք գտնուող նախագահ Միշէլ Աունի՝ Պէյրութ վերադարձէն եւ կառավարութեան առաջին օրէնսդրական նիստին շարք մը օրինագիծերու ընդունումէն ետք: Այս մասին հաղորդեցին քաղաքական աղբիւրներ:
Աուն, ինչպէս նախատեսուած է, Պէյրութ պիտի վերադառնայ այսօր արաբ եւ օտար շարք մը քաղաքական գործիչներու հետ ծրագրուած հանդիպումներէն ետք ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 73-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս:






