Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Զրոյց՝ «ԻՆԱԼՔՕ»-ի Հայկական ամպիոնի վարիչ Դոկտ. Անահիտ Տօնապետեանի հետ

Ի՞նչ է «ԻՆԱԼՔՕ»-ն

INALCO (Institut National des Langues et Civilisations Orientales),

Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հաստատութիւնն է, որ ստեղծուած է Նափոլէոնի կողմէ 18-րդ դարու վերջաւորութեան։ Արշաւներէ վերադառնալէ ետք Կայսերական գրադարան մը ստեղծած է իր ձեռագիրներու ուսումնասիրութիւնը ապահովելու եւ պահելու համար, եւ այդ գրադարանին կից արեւելեան լեզուներու դպրոց մը հիմնած, որպէսզի այդ ձեռագիրները ուսումնասիրուին։ Առաջին չորս լեզուները որոնք այս դպրոցէն ներս դասաւանդուեցան արաբերէնը, թրքերէնը, պարսկերէնը եւ հայերէնն էին։ Հայերէնի ամպիոնի առաջին վարիչը Շահան Ջրպետեան անունով եդեսիացի հայ մըն էր, որուն հետ Նափոլէոն ծանօթացած էր Իտալիոյ մէջ։ Տարիներու ընթացքին հայերէնի ամպիոնին բոլոր վարիչները ֆրանսացիներ եղած են մինչեւ որ այս պաշտօնը յանձն առաւ Դոկտ. Անահիտ Տօնապետեանը 1991թուականին։ Հայերէն լեզուով հետաքրքրուած էին գրեթէ բոլոր եւրոպագէտ լեզուաբանները, որոնք ուսումնասիրած են հին լեզուներ, ինչպէս Անթուան Մէյէն։ Հաստատութիւնը քանի մը անգամ անունը փոխած է եւ «ԻՆԱԼՔՕ» կը կոչուի 1984 թուականէն իվեր։ Ան ունի բարձրագոյն կրթութեան համալսարաններու կարգավիճակ։ Այսօր հոն կը դասաւանդուին 105 լեզուներ։

Դոկտ.-Փրոֆ. Անահիտ Տօնապետեան Սորպոնի համալսարանէն վկայուած է լեզուաբանութեան մասնագիտական դոկտորականով եւ այժմ Փարիզի «ԻՆԱԼՔՕ»ի Հայկական ամպիոնի վարիչն է եւ հետազօտող լեզուաբան։ Ստեղծած է հետազօտական նոր կեդրոն մը 2010 թուականին, ուր լեզուներուն կառոյցները կը բաղդատուին, կ՚ուսումնասիրուի լեզուներուն տիպաբանութիւնը։ Այս կեդրոնը ան վարած է մինչեւ 2013, երբ հրաւիրուած է Պէյրութ՝ դասախօսելու AUB-ի մէջ։

Ամպիոնէն ներս ունին երեք մշտական աշխատող։ Կը դասաւանդուի արեւմտահայերէն, արեւելահայերէն, գրականութիւն, պատմութիւն, գրաբար, լեզուաբանութիւն, մարդաբանութիւն, ընկերաբանութիւն։ Հայաստանէն դուրս միակ համալսարանն է, ուր հայերէնը կ՚ուսուցանուի սկզբնական մակարդակէն մինչեւ Դոկտորական։

Ուսանողներուն թիւը բաւական կայուն է բոլորը միասին՝ մօտաւորապէս 50 ուսանող ունին։ Զգալի մաս կը կազմեն թոշակառուները, որոնք բարձր ուսում ունին արդէն։ Շատ խոստումնալից երիտասարդ ուսանողներ ալ ունինք, որոնց  համար ջանքեր կը թափենք, նշեց Տօնապետեան, թէեւ դիւրին չէ, ասպարէզի սահմանափակ հեռանկարներուն պատճառով։ Կարգ մը ուսանողներ միջազգային յարաբերութիւններ կամ առեւտրական ճիւղեր ուսանելու նպատակով եկած են եւ տարբեր լեզուներու իմացութիւնը անհրաժեշտ գտնելով հայերէնի մէջ ալ կը խորանան։

Գալով հայերէնի ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրին, գաղափարը յղացանք հայկական դպրոցներու մէջ հայերէնի ծրագիրները բարելաւել եւ այժմէական մեթոտներով դասաւանդել։ Այսօր հայկական դպրոցներէն ներս նման պահանջք մը կայ՝ գիտակցաբար եւ անգիտակցաբար, շարունակեց ան։

– Կիւլպենկեան հաստատութեան հետ համագործակցելով, Անի Կարմիրեանին (որ մեր քով կը դասախօսէր ու յետոյ ԱՄՆ գնաց Յովնանեան դպրոցը ղեկավարելու համար) հետ միասին որոշեցինք ստեղծել հայերէնի ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրը։ Կիւլպենկեան եւ INALCO զիրար ամբողջացնելով ապահովեցին հարկաւոր մարդուժը, նիւթական ֆինանսաւորում, դասընթացքի ծրագիրը՝ համապատասխան բարձրագոյն վկայականներով։

Զարմանազանի ճամբարը հիմնելու ժամանակ, մտածեցինք որ ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրը աւելի յաջող պիտի ընթանայ, երբ այս շրջանակին մէջ գտնուին եւ դպրոցի մթնոլորտէն դուրս ելլեն եւ ուրիշ ձեւով մօտենան հայերէն խօսելու, հայերէն ապրելու, հայերէն ստեղծելու, հայերէն երջանիկ ըլլալու։
– Դուք ընդհանրապէս դասաւանդման արդիական մեթոտներու կը հետեւիք։

– Իմ մասնագիտութիւնս մանկավարժութիւնը չէ, բայց իմ բնազդս ինծի տարած է դէպի այս ուղղութիւնները, դէպի բնականը, դէպի կեանք, դէպի հայերէնը սիրցնելը։ Ասիկա Անի Կարմիրեանին ալ մօտեցումը եղած է։ Եւ բախտաւոր եղայ որ Անքը Պաթանիէն 2012 թուականին ինծի մօտեցաւ, ըսելով թէ կ՚ուզէ դոկտորական մը պատրաստել։ Ինքը Լոնտոնի մէջ վտանգուած լեզուներու Մագիստրոսականը պաշտպանած էր, ընտրելով արեւմտահայերէնը։ Այս մէկը համընկնեցաւ իմ Պէյրութ անցնելուս, ուր մնացի երեքուկէս տարի Ամերիկեան համալսարանին մէջ։ Եւ համընկնեցաւ Անքըին թէզին սկիզբին հետ. ան կ՚ուզէր ուսումնասիրել դպրոցին դերը լեզուի փոխանցումին մէջ։  Եւ աշխատեցանք միասին, ինչպէս կ՚ըլլայ յաճախ թէզը գրողին եւ անոր ղեկավարին միջեւ։

– 15 օրէ այստեղ ենք, ձեզի հետ, եւ դուք որպէս ֆրանսահայ, մեծ գործ կը կատարէք եւ հայկական մթնոլորտը որ ստեղծած էք այստեղ, պարզապէս հրաշալի է։

– Կան անձեր, որոնք նման գաղափարներ ունին։ Պէտք է որ իրարու գտնենք եւ յոյսը չկտրենք։ Բախտաւոր եմ, որ հայախօս ընտանիքի մէջ ծնած եմ։ Երեք սերունդ նոյն յարկին տակ կ՚ապրէինք. բան մը, որ կը դիւրացնէ լեզուին փոխանցումը եւ այս ուղղակի կապը առաջին սերունդին հետ։ Իրենց հանդէպ սէրը ունեցած եմ։ Բախտաւոր եմ նաեւ, որ պետական այս աշխատանքին տիրացած եմ եւ կեանքս կապած եմ այս գործին։ Դիւրին չեղաւ սկիզբը, մանաւանդ որ երիտասարդ էի, ֆրանսահայ, իսկ նման աշխատանքներ Միջին Արեւելքէն եկողներու վերապահուած էր կարծէք։ Հայաստանի հետ կապեր հաստատելով, արեւելահայերէնս դարձաւ կենսունակ, թէեւ կը դասաւանդէի արեւմտահայերէն։ Պէյրութ երթալս շատ կարեւոր դարձաւ։ Թէեւ ես հայկական միջավայրի մէջ չէի, Համրա կը բնակէի եւ AUB կ՚աշխատէի, բայց առիթը ունէի գործակցելու հայ համայնքին հետ, մանաւանդ երբ Անի Կարմիրեան կազմեց հայկական վարժարաններու ինքնարժեւորումի ծրագիրը իմ Պէյրութ գտնուած միջոցիս։

Փարիզ վերադարձիս աւելի ինքնավստահ շարունակեցի «ԻՆԱԼՔՕ»-ի աշխատանքները, մանաւանդ երբ Գրիգոր Պլըտեանը հանգստեան կոչուեցաւ եւ ես ստանձնեցի լեզուի յառաջացեալ դասընթացքներ։

Կը կարծեմ, որ արեւմտահայերէնը փրկելու գաղտնիքը այն է, որ առիթներ պէտք է ստեղծել, որ ոչ միայն ղիյմա, քէօֆթէ, քոչարի խօսինք, այլ՝ գործի մասին խօսինք արեւմտահայերէն։ Այս դասընթացքներն ալ լրիւ հայերէնով պատրաստելը եւ ուսուցանելը այլեւս պատնէշ մը չեն ինծի համար։

2015-ին «ԻՆԱԼՔՕ»-ի գիտաժողով մը գումարեցինք՝ «Արեւմտահայերէնը հարիւր տարի յետոյ», հարիւր տարի սփիւռք, հարիւր տարի հողերէն դուրս…։ Այս գիտաժողովն ալ ինծի համար մեծ յայտնաբերում եղաւ, որովհետեւ հոն շփում ունեցայ ինծի համար նոր անձերու հետ Քանատայէն, Ամերիկայէն, Լիբանանէն, եւ հասկցայ որ մինակ չեմ, այլ՝ ինծի պէս անձեր կան, ամէն մէկը իր նախընտրութիւններով, ուղղութիւններով, ինչպէս Յակոբ Կիւլիւճեանը, Րաֆֆի Աճեմեանը, եւ ուրիշներ. մարդիկ, որոնք միջազգային չափանիշներով կրնան հայերէն մտածել։ Նման յայտնաբերում մը ունեցած էի, երբ Գրիգոր Պլըտեանին ուսանողն էի 1982-ին։ Որպէսզի լեզու մը բարգաւաճի, պէտք է որ բոլոր մակարդակներուն վրայ գործածուի։ Պէտք չէ որ քու մտածելակերպդ սահամափակուած ըլլայ։

Հիմա տեսակ մը վերելք կայ արեւմտահայերէնի շուրջ. տեսնենք, թէ ինչ յաջողութեան կ՚արժանանայ, բայց իսկապէս ցանկութիւնը կայ։ Բախտաւոր ենք, որ Կիւլպենկեան հիմնադրամը առաջնահերթութիւնը դրած է արեւմտահայերէնի պահպանութեան վրայ։ Իսկապէս բաւական ձեռնարկներ կ՚օժանդակուին։

Վերջերս Կարապետ Առաքելեանին հետ ֆրանսերէն-հայերէն առցանց ազատ բառարան մը պատրաստեցինք,  35 հազար բառ արեւմտահայերէն, ժամանակակից բառերով, ոչ մասնագիտական, որ ամիսը մէկ անգամ կը թարմացնենք։

– Ուրիշ ի՞նչ ծրագիրներ ունիք։

– Լեզուաբանութեան մէջ կան բառարանագրութիւնը եւ քերականութիւնը։ Ես հիմա կ՚աշխատիմ Արեւմտահայերէնի գիտական քերականութեան վրայ. իմ գլխաւոր աշխատանքս է, որ կը կարծեմ, թէ թոշակի անցնելէս առաջ պիտի կարենամ աւարտին հասցնել։ Բարբառներու վրայ շատոնց կ՚աշխատինք, երկար ժամանակ պահանջող աշխատանք է, իսկ մեր աշխատանքային խումբը փոքր է։ Առայժմ մեծ մասամբ հաւաքած ենք նիւթեր, կ՚երթանք եւ կ՚արձանագրենք։ Օրինակ, Հալէպի մէջ տասը տարի առաջ չէի սպասեր, որ 70 տարեկան մը (որ իմ կարծիքովս ծեր չէ) խօսի մեզի Սասունի բարբառով, կամ Զէյթունի բարբառի կրող ըլլայ։ Հայաստանի մէջ նոյնպէս շատ արագ կը փոխուին բարբառները։ Ղարաբաղի մէջ առաջին անգամ 1997-ին ձայնագրեցի տեղական բարբառները, իսկ հայերէնը պետական լեզու ընդունուելէ ետք, ասոնք փոխուեցան, աստիճանաբար մօտեցան գրականին, եւ լաւ է որ այս ձայնագրութիւնները կան։

Աշխատանք մը ունինք լեզուներու շփման երեւոյթներու նուիրուած արեւմտեան Ասիոյ մէջ, այսինքն՝ Փոքր Ասիան, Կովկասը, Պարսկաստանը եւ Միջին Արեւելքը, ուր լեզուները շատ սերտօրէն իրարու հետ կապի մէջ են, բարբառներ ունին, որոնք շրջանին մէջ մեծ թիւով մարդիկ ներկայիս կ՚օգտագործեն եւ իրարու ալ կը խառնուին, փոխազդեցութիւններու պատճառով։ Այս բոլորը ուսումնասիրելը շատ հետաքրքրական է, թէ ինչո՞ւ չեն նոյնանար լեզուները, ո՞ր կառոյցներն  են որ միւսին վրայ կ՚ազդեն կամ կ՚ազդուին, իսկ որն է որ կը դիմանայ լեզուներու ուժեղ շփումի պայմաններուն։ Ասոնք կարեւոր գիտելիքներ են վերլուծելու համար լեզուներու տարժամանակեայ կեանքը եւ լեզու ըսուածին էութիւնը որպէս համակարգ:

– Հրաշալի աշխատանք կը տանիք, ձեր կեանքը նուիրելով նման օգտաշատ ծրագիրներու։ Շնորհակալութիւն զրոյցին համար եւ կը մաղթենք ձեզի նորանոր յաջողութիւններ։

 

Զրոյցը վարեց՝

ՍԵՒԱՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Շաթէլ, Ֆրանսա, Օգոստոս 2018

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին