«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեան Սեպտեմբեր 28-ին աշխատանքային երկօրեայ այցով կը մեկնի Ստեփանակերտ:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ կը նախատեսուին հանդիպումներ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, ԱՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ:






