«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – 2017-ի աշխարհի գեղեցկուհի հռչակուած Տեմի Լէյ Նել Փիթեռզը Լիբանան ժամանեց Հինգշաբթի յետմիջօրէի ժամը 3-ին:
Ինչպէս կը յայտնեն Ինսթակրամի «Miss Lebanon» պաշտօնական էջէն, Տեմի Լէյ Նել Փիթեռզի այցը Լիբանան կապուած է «Miss Lebanon 2018» Սեպտեմբեր 30-ին տեղի ունենալիք գեղեցկութեան մրցոյթին, ուր ան պիտի ըլլայ դատական կազմի անդամներէն մէկը:






