Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Կառավարութեան Կազմաւորման Ուղղուած Ջանքերը Պիտի Վերագործարկուին Աունի Վերադարձէն Ետք

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Նախարարաց խորհուրդի կազմաւորման գործընթացին մէջ առկայ փակուղին վերացնելու ուղղուած ջանքերը պիտի վերագործարկուին աշխատանքային հնգօրեայ այցով Նիւ Եորք գտնուող նախագահ Միշէլ Աունի՝ Պէյրութ վերադարձէն եւ կառավարութեան առաջին օրէնսդրական նիստին շարք մը օրինագիծերու ընդունումէն ետք: Այս մասին հաղորդեցին քաղաքական աղբիւրներ:
Աուն, ինչպէս նախատեսուած է, Պէյրութ պիտի վերադառնայ այսօր արաբ եւ օտար շարք մը քաղաքական գործիչներու հետ ծրագրուած հանդիպումներէն ետք ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 73-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին