Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Գերապայծառ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանը

Չորեքշաբթի, 25 Սեպտեմբեր 2018-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Պոլսոյ Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ եւ Մխիթարեան միաբանութեան վանահայր Գերապայծառ տ. Լեւոն արք. Զէքիեանը։

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկումի ենթարկելու Հայաստանի ներքին կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան, միջեկեղեցական գործակցութեան, հայագիտութեան եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթին առնչուած նիւթեր ու ծրագիրներ։ Վեհափառ հայրապետը շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան եւ Մխիթարեան միաբանութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող անցեալէն ժառանգուած գործակցութիւնը աւելի շեշտելու ու ծաւալելու կարեւորութիւնը, միաժամանակ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Մխիթարեան միաբանութեան առաքելութիւնը վերակազմակերպելու աշխատանքներուն, որուն լծուած է Գերապայծառը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին