Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարան

Վերամուտ

«ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Դասական ժամանակացոյցի հետեւողութեամբ, Հինգշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2018-ին Հայ Քոյրերու վարժարանը իր դռները լայն բացած գրկաբաց ընդունեց աշակերտները:

Ուսումնական տարեշրջանի բացումը կատարուեցաւ վարժարանի Դանիէլեան սրահէն ներս։  Ներկայ էր Կլենտէյլի Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Բարսեղ Վրդ. Պաղտասարեան,  վարժարանիս առաքինազարդ քոյրերը, տնօրէնութիւն, ծնողներ,  դաստիարակներ, հին ու նոր աշակերտներ, որոնք մասնակցեցան առաւօտեան ընթացիկ աղօթքներուն, ապա կատարուեցան հայկական եւ ամերիկեան դրօշակներու արարողութիւնները որոնք վերջ գտան հիմներու երգեցողութեամբ: Տնօրէնուհի Քոյր Լուսիա բացման պատշաճ խօսքով աշակերտները խրախուսեց եռանդով եւ լաւատեսութեամբ սկսելու նոր տարեշրջանը, ապա Բարսեղ Վարդապետ բարի գալուստ մաղթեց աշակերտներուն, զանոնք բախտաւոր սերունդ անուանելով, որովհետեւ իրենց ծնողները զիրենք առաջնորդած են քրիստոնէական դաստիարակութեամբ եւ սկզբունքներով յագեցած, հայկական ոգիով առլցուն մթնոլորտի մը մէջ՝ դաստիարակուելու եւ տարրական գիտելիքներով զինուելու համար։

Պահպանիչով վերջ գտաւ առաւօտեան արարողութիւնը, խոստանալով որ ամէն ամիս անգամ մը պիտի տեսնուին ամսական աշակերտական Պատարագներու ընթացքին: Տնօրէնուհին հրաւիրեց ութերորդ դասարանի աշակերտները, որպէսզի առաջնորդեն զանոնք իրենց դասարանը։ Հաճելի էր տեսնել երէկուան պզտիկները այսօր՝ որպէս առաջնորդներ։

Վերամուտէն առաջ նախապատրաստական բոլոր աշխատանքները իրականացուած էին. թէ՛ ուսուցիչներու ուսումնական եւ արհեստագիտական նախապատրաստական անհրաժեշտ աշխատանքները եւ թէ՛ վարժարանի շինարարական գործերը։

***

Վերամուտի օրուան նախորդող երեկոյեան նախամանկապարտէզի եւ մանկապարտէզի ծնողները ունեցան ուսուցիչներու հետ աւանդական դարձած  հանդիպումը։ Իւրաքանչիւր ծնողք ծանօթացաւ իր զաւակին դաստիարակին հետ եւ առիթ ունեցաւ մանրամասնօրէն իրազեկ դառնալու տարեկան ծրագիրին, դասաւանդման դրութեան եւ միջոցներուն: Անոնք շրջագայեցան  մանկապարտէզի շէնքերը, շրջափակը եւ խաղավայրերը, որոնք գեղեցկօրէն կահաւորուած եւ զարդարուած էին յարմարագոյն սարքերով, ներկուած մանկական շլացնող գոյներով։ Անոնց մէջ իր յատուկ տեղը ունէին Արարատ լեռը՝ իր փոքր ու մեծ գագաթներով եւ մեր ոսկեղնիկ տառերը, որոնք վստահ փոքրերուն միտքերուն մէջ պիտի դրռշմուին յաւիտենական զիրենք թրծելով հայկականութեամբ։ Վերջապէս, այս ամբողջութիւնը մանկապարտէզի բակը վերածած էր երեխաները մագնիսացնող դրախտային վայրի մը: Խօսք առին տնօրէնուհի՝ Քոյր Լուսիա եւ Մանկապարտէզի վարիչ եւ վարժարանի փոխտնօրէնուհի՝ Սոնա Գազանճեան:

 ***

14 Սեպտեմբերի երեկոյեան կայացաւ նախակրթարանի ծնողական հանդիպումը. իրենց խօսքը փոխանցեցին Տնօրէնուհի Քոյր Լուսիա, Արմինէ Շէրիկեան եւ նոր նշանակուած մարզիչ՝ Աբրահամ Կարապետեան: Իւրաքանչիւրը մատնանշեց եկող տարեշրջանի համար նախատեսուած նոր ծրագիրները նաեւ ներկայացուեցան տնօրէնութեան ակնկալիքները աշակերտներէն եւ ծնողներէն։

Արդարեւ, Հայ Քոյրերու վարժարանը 34-րդ անգամ ըլլալով բացուած յայտարարեց 2018-2019 ուսումնական տարեշրջանը, նոր յոյսերով եւ ակնկալութիւններով, նոր մարտահրաւէրներով եւ յանձնառութեամբ,  իրականացնելու եւ նուաճելու ուսումնական նորանոր յաջողութիւններ եւ ձեռքբերումներ, միշտ կանգուն պահելու Հայ Քոյերու վարժարանը, որպէսզի շարունակէ իր  առաքելութիւնը՝ դաստիարակելու նոր սերունդներ քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեամբ:

(Յապաւումներով)

 

ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին