«ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Կիրակի, 23 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի կամարներուն տակ, աւելի քան 400 երաժշտասէր վայելեց սոփրանօ Իզապէլ Պայրագտարեանի մենահամերգը նուիրուած Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-րդ տարեդարձին եւ Էրեբունի-Երեւանի պատմական 2800-ամեակին։ Լարային քառեակով ընկերակցեցան Սանթա Պարպարա համալսարանէն (UCSB) Ճոզէֆինա Վերկարա, Ճեսիքա Կուիտէրի, Ճոնաթան Մորշչըլ եւ Ճենիֆըր Քլոթզէլ։
Բացման խօսքը կատարեց կազմակերպիչ՝ Հիւս. Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբի ատենապետ Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան։ Ան վեր առաւ համաշխարհային համբաւ վայելող, ներկայիս Սանթա Պարպարայի համալսարանի գործակից-փրոֆեսոր, շրջան մը Քանատայի մէջ ստեղծագործող, ծնունդով լիբանանահայ, արմատներով Չորք-Մարզպանցի արուեստագիտուհիին արժանիքները։
Համերգը բաղկացած էր երկու մասէ։ Առաջին մասով ներկաները ըմբոշխնեցին Սայեաթ-Նովայէն անմահացած հինգ գործեր, ապա՝ Արամ Խաչատուրեանէն երեք ստեղծագործութիւններ։
Երկրորդ բաժինը սկսաւ բարձրակարգ լարային քառեակին կատարումներով, որուն յաջորդեց Իզապէլ Պայրագտարեանի աստուածատուր մեկնաբանութիւնը «Սուրբ Աստուած»-ի եւ «Սիրտ իմ սասանի»-ի։ Համերգը շարունակուեցաւ լարային քառեակին կողմէ Կոմիտասեան ժողովրդական երաժշտութեամբ եւ եզրափակուեցաւ Իզապէլին կողմէ՝ դարձեալ Կոմիտասեան ժողովրդական եւ ամենասիրուած երգերով. «Ախ մարալ ջան», «Ծիրանի ծառ», «Քուն եղիր բալաս», «Երկինքն ամպել է», «Անձրեւ եկաւ» եւ «Շողեր ջան»։
Որոտընդոստ ծափահարութիւններու տակ վերջ գտած համերգը նոր կեանք ստացաւ, երբ արուեստագիտուհին յայտարարեց հայութիւնը միաւորող «Կռունկ»ի կատարումը որպէս վերջաբան։
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան փակման խօսքին մէջ «արժան եւ արդար» բառերով գնահատեց արուեստագիտուհիին ելոյթը, նշելով, թէ «Մեծ վարպետը տակաւին Թորոնթօ պատանի տարիքէն գիտէինք, թէ անպայման բարձր տեղ պիտի հասնի»։ Յովնան սրբազան «աննման կատարողութիւն» որակեց երիտասարդ արուեստագիտուհիին մենահամերգը, աւելցնելով, թէ «Աստուծոյ շնորհքը աւելի գեղեցկացած վերադարձուց ան»։
Մեր կողմէ շեշտենք, թէ հեռու ենք մասնագիտական կարծիք յայտնելէ, սակայն, այն ինչին որ ունկնդիր հանդիսացանք Կիրակի երեկոյ, տպաւորիչ էր Իզապէլի առինքնող եւ հարուստ ձայնով ու տիրական ներկայութեամբ։
Կը շնորհաւորենք արուեստագիտուհին եւ կազմակերպիչ «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբը, այս համերգին յաջողութեան առիթով, որ պատշաճ եւ տեղին տուրք մը հանդիսացաւ «2800-ամեայ» Արգիշտի թագաւորին եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը կերտած մեր ժողովուրդին։
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ