«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան առաջնորդ Սամիր Ժաաժաա եւ տեղեկատուական նախարարի պաշտօնակատար Մըլհեմ Ռիաշի անակնկալ այցով հանդիպեցան վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիին:
Թէեւ հանդիպումի նպատակը կը մնայ անորոշ, սակայն անիկա ամենայն հաւանականութեամբ ծանրացած պէտք է ըլլայ նախարարաց խորհուրդի կազմաւորման գործընացին մէջ առկայ փակուղիին վրայ, ուր կարելի պիտի ըլլայ նկատառելի փոփոխութիւններ եւ բեկումնային զարգացումներ գրանցել միայն ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 73-րդ նստաշրջանին մասնակցելու համար Նիւ Եորք գտնուող նախագահ Միշէլ Աունի վերադարձէն ետք:






