«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Արփինէ Յովհաննիսեան Սեպտեմբեր 27-ին ընդունած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գերմանական Մարշալ (ԳՄՀ) եւ Հայաստանի մէջ վերջինիս գործընկեր Եւրասիա համագործակցութիւն հիմնադրամներու (ԵՀՀ) կողմէ կազմակերպուած այցի ծիրէն ներս Հայաստան գտնուող պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ են ԱՄՆ եւ ԵՄ պաշտօնատար անձինք, առանցքային որոշումներ կայացնողներ, քաղաքական փորձագէտներ եւ լրագրողներ: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ պատուիրակութիւնը ճանաչողական այցով մինչեւ Սեպտեմբեր 28 պիտի գտնուի Հայաստան:
Հանդիպումին հիւրերը ներկայացուցած են իրենց գործունէութիւնը եւ կատարած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ Հայաստան այցի նպատակը:
Ողջունելով հիւրերը՝ Արփինէ Յովհաննիսեան մանրամասն անդրադարձած է Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին եւ վերջին շրջանի զարգացումներուն, արտաքին ու ներքին քաղաքական մարտահրաւէրներուն: