ԴՈԿՏ. ԷԼԼԻ ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆ Ի ՊԱՏՈՒԻ
Ուրախութեամբ կը հաղորդենք, թէ Չորեքշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Պըրպէնքի Առաջնորդարանէն ներս, պատշաճօրէն պիտի մեծարուի եւ պատիւի արժանանայ վաստակաշատ Դոկտ. Էլլի Անդրէասեանը՝ իր մանկավարժական երկար տարիներու ծառայութեան համար։
Հրաւիրուած է հայ համայնքը։
Մուտքը ազատ է։
Ձեռնարկին պիտի յաջորդէ պատշաճ հիւրասիրութիւն։
***
ՏԱՐԵԿԱՆ «ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՆՁՆԱՑՈՒՄ»
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Առաջնորդարանէն կը հաղորդենք, թէ 15-16 Հոկտեմբեր 2018-ին, աւանդութիւն դարձած տարեկան «Հոգեւոր առանձնացում» (retreat) մը տեղի պիտի ունենայ Փասատինա քաղաքի Mater Dolorosa վանքին մէջ, որուն պիտի մասնակցին Արեւմտեան թեմի բոլոր հոգեւորականները։
Օրակարգի վրայ են երկու հիմնական նիւթեր եւ արծարծումներ.
- Եկեղեցւոյ հովուական ծառայութեան մէջ mental health-ի հետ կապուած դժուարութիւններ եւ մարտահրաւէրներ։ Այս նիւթի մասին յատուկ մասնագիտական բանախօսութիւն մը պիտի ներկայացնէ Dr. Lucas Alexanian։
- Քահանաներու «Ծառայական վկայութիւնը» ժողովուրդին մէջ։
Բնականաբար, տեղի պիտի ունենան աղօթքի եւ խոկումի տրամադրուած պահեր, միտքերու փոխանակումներ եւ հոգեւորականներու մտերմիկ խորհրդակցութիւններ։
Դիւան Առաջնորդարանի
Պըրպէնք, 24 Սեպտեմբեր 2018






