«ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Էրտողան կը դիմէ «չափաւորական ապստամբներու» օգնութեան։ Սակայն, վերջիվերջոյ, Ամերիկա-Ռուսաստան հասարակաց կեցուածքը որոշիչ դեր պիտի ունենայ։
ՄԱԿ-ի պաշտօնատար մը զգուշացուց այս շաբաթ, թէ զինուորական ընդհանուր յարձակում մը Իտլիպի վրայ, որ շուրջ 3 միլիոն բնակչութիւն կը հաշուէ, հաւանականութիւնն ունի 21-րդ դարու մարդկայնական ամէնէն վատթար հակամարտութիւնը դառնալու։
Իտլիպը ահաբեկիչ վտանգ մըն է Ռաքքայի կամ Մուսուլի նման, որոնք Իսլամական Պետութեան նախկին ամրոցներն էին Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ։ Ալ-Քաիտայի լծակից Հայաթ Թահրիր էլ-Շէմը կը հակակշռէ Իտլիպի նահանգին վաթսուն առ հարիւրը, եւ ունի 10,000 զինեալ։ Հոս կան նաեւ ճիհատիսթ այլ խմբաւորումներ ու զինեալներ։
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան, Սեպտեմբեր 10-ին, դէմ արտայայտուեցաւ Իտլիպի վրայ յարձակումի պարագային, փոխանակ առաջարկելու կազմութեանը «միջազգային, ամբողջական հակաթերորիսթ նախաձեռնութեան մը, որուն մասնակցած էին չափաւորական ըմբոստներ»։ Ասոնք բախտորոշ դեր ունեցած էին «Թուրքիոյ պայքարին մէջ ահաբեկիչներուն դէմ, Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ»։
Դժբախտաբար, ո՛չ Էրտողան եւ ո՛չ ալ «չափաւորական ըմբոստները» կացութեան տէրն են Իտլիպի մէջ։ Տրուած ըլլալով որ համաշխարհային համակարգը ճիգեր կը թափէ առաջքը առնելու համար յարձակումի մը Իտլիպի վրայ, «Հայաթ Թահրիր էլ-Շէմ» ու միւս զինեալ Սալաֆի խմբաւորումները գործակցութիւն չեն ցուցաբերեր։ Որեւէ երկիր պիտի չընդունի զիրենք, եւ ա՛յլ տեղ ալ երթալու կարելիութիւն չկայ։ Իտլիպը իրենց վերջին կայանն է, եւ հետեւաբար կ՚օգտուին ներկայ դադարէն (reprieve)։ Մինչ այդ Իտլիպի ժողովուրդը կը շարունակէ դիմագրաւել բիրտ տիրակալութիւնը Հայաթ էլ-Թահրիրի, սալաֆի եւ այլ զինեալներու, որոնք տեղւոյն բնակչութիւնը կ՚օգտագործեն իբրեւ պատնէշ, արգելք հանդիսանալով անոնց դուրս մեկնումին։ Այս զինեալները բանտարկած կամ մահապատիժ գործադրած են արտագաղթ փորձողներու դէմ։
Նիւ Եորքի երկու երկնաքեր շէնքերու ահաբեկումի (11 Սեպտեմբեր 2001) հետեւանքով, աւելի քան 3,000 զոհուած կեանքերու ընթացիկ տարելիցին առիթով, այլազան հոսանքներու երեւելի անձնաւորութիւններ հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ Մ. Նահանգներ փորձութիւնը պիտի առնեն ճակատելու Ռուսաստանի դէմ, Սուրիոյ հողատարածքին վրայ գտնուող «ահաբեկիչներու» համար։ Թաքըր Քարլսըն, Fox News-ի վրայ, հարց կու տայ, թէ ինչո՞ւ Ամերիկա ձեռնամուխ պիտի ըլլայ Սուրիոյ մէջ «երբեւէ …Ալ-Քաիտայի համակիրներ պաշտպանելու համար»։ Հաուայիի կղզիներու տեմոքրաթ ներկայացուցիչ Թալսի Կեպըրտ, Թուիթըրի վրայ կ՚ըսէ.- «Սպառնալով ուժի դիմել Սուրիոյ ու Ռուսաստանի դէմ, Մ. Նահանգներ միաժամանակ գործած կ՚ըլլար իբրեւ պահապան Ալ-Քաիտայի Սուրիոյ եւ Իտլիպի մէջ»։ Հանրապետական ծերակուտական Ռենտ Փօլ, իր կարգին արտայայտուելով, կ՚ըսէր. «Աֆղանիստանի նման Սուրիան ալ յաւիտենական պատերազմի դաշտի չվերածենք»։
Էրտողանի ճիգերը (outreach) ու Մ. Նահանգներու ազդանշանը, թէ ուժով պիտի հակազդէ քիմիական զէնքերու գործածութեան պարագային, կը թուի թէ առայժմ կեցուցած է ընդհանուր յարձակողական մը, թերեւս դիւանագիտական լուծումի մը յանգելու նպատակով, ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին, որ գումարուելու էր Սեպտեմբեր 18-ին։
Ըստ սիւնակագիր Ամպերին Զամանի, «մօտէն հետեւելով սուրիական եօթնամեայ հակամարտութեան, արեւմտեան գերակշռող տեսակէտը ա՛յն է, թէ Անքարայի նպատակը իր սահմաններէն յարձակողականի դիմել չէ, ինչպէս ըրած էր Աֆրինի պարագային։ Աւելի, կ՚ուզէ Սուրիոյ իշխանութիւնները մղել այն համոզումին, թէ Իտլիպի վրայ ընդհանուր յարձակողականի պարագային ուժի պիտի դիմէ։
Թուրք պաշտօնատարներ կը հաւատան, թէ կարելիութիւն կայ Թրամփի իշխանութիւնը համոզելու, թէ ըմբոստներուն կատարուելիք օժանդակութիւնը պիտի զօրացնէր միաժամանակ իրանեան միլիցիաներու ազդեցութիւնը։ Կ՚ակնկալուի նաեւ, թէ նման գաղափարներ ճեղք մը կրնան յառաջացնել Մոսկուայի եւ Անքարայի միջեւ, ինչպէս որ Մոսկուա տարակարծութիւն ստեղծած է Անքարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ, թիկունք կանգնելով թուրք բանակային շարժումներուն Աֆրինի մէջ՝ սուրիացի քիւրտերուն դէմ։
Մաքսիմ Սուչքովի համաձայն, տարակարծութիւնները Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ «նորութիւն չեն, սակայն երեք երկիրներու ղեկավարներուն կարողութիւնները իրենց երկրին շահերը պաշտպանելու, ստեղծած է դաշնակցային փոխադարձ հասկացողութիւն մը, հակառակ տարակարծութեանց Մոսկուայի, Անքարայի ու Թեհրանի միջեւ։ Ասոնք կը շարունակեն տագնապի լուծման։ Թէեւ դիւրին չէ զիջումներ կատարել երեք փառասէր նախագահներուն համար, գործակցութեան սկզբունքը կը շարունակուի ի զօրու մնալ, որքան ատեն որ իւրաքանչիւրը պէտք ունի միւս երկուքին թիկունքին։ Գործակցութիւնը իրենց միջեւ կը շարունակուի հակառակ մեծ տագնապներու։ Իտլիպի մարտահրաւէրը չի խանգարեր փոխյարաբերութիւնները, սակայն ինքնին ճնշող փորձ-քննութիւն մըն է, զոր յաղթահարելու են, եռակողմանի գործակցութեան պտուղները քաղելու համար։
Գլխաւոր պատճառը վերոյիշեալ եռակողմ դաշնակցութեան գոյատեւման, կը մնայ Ամերիկայի ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ։ Ամերիկան սպառնալիք մըն է Իրանի համար, խանգարող մը՝ Ռուսաստանի համար, ու գրգռիչ մը՝ Թուրքիոյ համար»։
Ակնարկելով ամերիկեան նեցուկին՝ սուրիացի ժողովրդավար ուժերուն, որոնք մեծամասնութեամբ կը բաղկանան քրտական պաշտպանողական միաւորներէ, Էրտողան ըսած է. «Մենք յոյժ մտահոգուած ենք ամերիկեան շարունակուող օժանդակութենէն ահաբեկիչ այս կազմակերպութեան։ Թէեւ Իսլամական Պետութիւնը (ՏԱԷՇ) այլեւս վտանգ մը չի սպառնար, Մ. Նահանգներ ուղարկած է զինանիւթերով օժտուած հազարաւոր օդանաւեր։ Այս մէկը կը լուսաբանէ թէ անիկա ինչպէս կ՚օժանդակէ շրջանին»։
Մ. Նահանգներ թէ Ռուսական Դաշնութիւնը հետամուտ են պարտութեան մատնելու եւ ոչնչացնելու Հայաթ էլ-Թահրիր էլ-Շամը, Ալ-Քաիտայի օժանդակ խմբաւորումները եւ այլազգի զինեալները, արգելք հանդիսանալու համար մարդկային աղիտալի տագնապի մը, որ ծանր բեռ մը պիտի պատճառէ Թուրքիոյ, Ռուսիոյ Ասթանայի գործակիցին, արգելք հանդիսանալու քիմիական զէնքերու գործածութեան, նախաձեռնելու համար ամբողջական լուծում մը, որ միաժամանակ պիտի բարձրացնէ Ապահովութեան խորհուրդի վարկը։ Այլապէս, Ալ-Քաիտան եւ իր նմանները պիտի օգտուին, Իտլիպի ժողովուրդը աւելի պիտի տառապի, եթէ Մ. Նահանգներ ու Ռուսաստան չկարենան համաձայնիլ, վերոյիշեալ հասարակաց, բացայայտ շահերուն շուրջ. այն ատեն ողբերգութիւնը անխուսափելի կը թուի։
«Էլ Մոնիթըր», այս տարեկան քաղաքական գնահատումին՝ բացատրողական տեղեկագրութեամբ, արժանացած է Online Journalism Award-ին։
Ազատ թարգմանութիւն՝
ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
«Էլ Մոնիթըր», 16 Սեպտեմբեր 2018






