Շաբաթ, 28. 02. 2026

spot_img

Հայաստանի Մէջ Ֆինանսական Ծառայութիւններու Տարածաշրջանային Կեդրոն Պիտի Հիմնուի

Աշխատանքային այցով Փարիզ գտնուող Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպումներ ունեցած է ֆրանսական շարք մը մեծ ձեռնարկութիւններու ղեկավարներու հետ, կը հաղորդէ «Փանարմինիըն»:

ADS ընկերութեան ղեկավարութեան հետ հանդիպումին նախագահ Արմէն Սարգսեան անդրադարձած է ՀՀ ներդրումային գրաւչութեան ու գործարար միջավայրին, ներկայացուցած է փոխգործակցութեան ներուժը: Կողմերը պայմանաւորուած են Հայաստանի մէջ ֆինանսական ծառայութիւններու տարածաշրջանային կեդրոն հիմնելու վերաբերեալ:

Նախագահ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է օդագնացութեան տիեզերական ոլորտի առաջատար ընկերութիւններէն մէկուն` THALES-ի ղեկավարութեան հետ: Զրուցակիցներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ ընկերութեան բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի Երեւանի մէջ կայանալիք ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գագաթնաժողովի ծիրէն ներս Հոկտեմբեր 10-ին նախատեսուող գործարար համաժողովին:

Նախագահ Սարգսեան կարեւոր համարած է ֆրանսական յայտնի ընկերութեան գործուն եւ աշխոյժ մասնակցութիւնը համաժողովի աշխատանքներուն:

Միջուկային եւ վերականգնուող ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ մասնագիտացած հանրայայտ Orano ընկերութեան ղեկավարութեան հետ հանդիպումին նախագահ Սարգսեան քննարկած է Հայաստանի մէջ ընկերութեան գործունէութեան հետ կապուած հարցեր:

Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ անհրաժեշտ է ընդլայնել ընկերութեան ներկայութիւնը մեր երկրին մէջ, մասնաւորապէս մասնակցութիւնը հայկական հիւլէական կայանի անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման գործին մէջ:

Հանրապետութեան նախագահը հանդիպում ունեցած է նաեւ սննդամթերքի առաքման ոլորտին մէջ գործունէութիւն ծաւալող յայտնի Sodial ընկերութեան ղեկավարութեան հետ: Հանդիպումին խօսուած է համագործակցութեան հնարաւորութիւններու մասին: Մասնաւորապէս, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, որ ընկերութեան պատուիրակութիւնը այցելէ Հայաստան` ուսումնասիրելու սննդարդիւնաբերութեան ոլորտը եւ արտահանման հեռանկարները:

Խօսելով մեր երկրի ընձեռած մրցակցային առաւելութիւններուն մասին` Սարգսեան առաջարկած է Հայաստանի հնարաւորութիւնները օգտագործել որպէս դարպաս դէպի Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկաներ:

Հանրապետութեան նախագահը հանդիպած է հանրայայտ Dassault ընկերութեան ղեկավար Օլիւիեր Տասոյի հետ: Կողմերը պայմանաւորուած են համատեղ գործակցութեան յստակ ծրագրի վերաբերեալ, որուն մանրամասնութիւնները պիտի քննարկուին եւ ներկայացուին յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին:

Արմէն Սարգսեան Միտքերու գագաթնաժողովի (Summit of Minds) ծիրէն ներս Սեպտեմբեր 23-ին աշխատանքային նախաճաշ ունեցած է Եւրոպական խորհրդարանի, ինչպէս նաեւ երկու տասնեակէ աւելի յայտնի ընկերութիւններու, հիմնադրամներու, կազմակերպութիւններու ու դրամատուներու (ինչպէս` ամերիկեան Google, Nasdaq, Cargyll, McKinsey, Revolution, զուիցերական Nestlé, Pictet եւ Lombard Odier, ֆրանսիական Groupe Accor, Publicis, OneRagtime, Société Générale, ռուսական «Ալֆա պանք», բրիտանական Bridgepoint եւ Kleinwort Hambros) ղեկավար կազմի ներկայացուցիչներուն հետ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին