Երեքշաբթի, 10. 06. 2025

spot_img

Կոմիտասի 149-Ամեակը Կը Նշանաւորուի Գիտաժողով-Փառատօնով

 «Կոմիտասը բնութեան հրաշքներէն է: Մի՞թէ հրաշք չէ՝ տասը տարեկան որբը գայ Էջմիածին, կաթողիկոսի մօտ տաճկերէն երգէ, յետոյ ալ… Ան պատարագ ստեղծած է: Անոր պատարագը մեր ժողովրդական ոգիի խտացումն է: Ատիկա մեծ արուեստ է, մեր ժողովրդական իսկական օփերան: Կոմիտասը խոր կերպով կը զգար ժողովրդական ոգին, եւ ան կրնար գրել այդպիսի մեծ գործ… »:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ վարդապետի մասին այսպէս գրած է մեծանուն նկարիչ Մարտիրոս Սարեան:

Սեպտեմբեր 26-ին նշուեցաւ հայ ազգային երաժշտական դպրոցի հիմնադիր Կոմիտաս վարդապետի 149-ամեակը:

Կոմիտասի տարեդարձին Հայաստանի ազգային ակադեմական երգչախումբի (գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեան) համերգային ծրագիրով Սեպտեմբեր 26-ին Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ մեկնարկեց «Կոմիտաս» միջազգային գիտաժողով-փառատօնը։

Գիտաժողով-փառատօնին ծիրէն ներ՝ ձեռնարկներ նախատեսուած են ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ Ֆրանսայի մէջ:

Կոմիտասի թանգարան-ուսումնարանը ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան, Փարիզի ակադեմիայի եւ համալսարանային ընկերակցութեան հետ համատեղ Սեպտեմբեր 28-ին Սորպոնի մեծ դահլիճին մէջ պիտի իրականացնէ «Կոմիտաս. աւանդականի եւ ժամանակակիցի խաչմերուկին վրայ» միջազգային գիտաժողով, խմբերգային երաժշտութեան երեկոյ:

Գիտաժողով-փառատօնին ծիրէն ներս Հոկտեմբեր 7-ին Հառիճավանքի մէջ «Հովեր» պետական կամերային երգչախումբի արական կազմը (գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սոնա Յովհաննիսեան) պիտի կատարէ Կոմիտասի «Պատարագ»-ը։

Կոմիտասը (Սողոմոն Գէորգ Սողոմոնեան) ծնած է 1869 Սեպտեմբեր 26-ին (Հոկտեմբեր 8-ին) Թուրքիոյ Քէոթահիա քաղաքը, երաժշտասէր ընտանիքի մէջ: Մէկ տարեկանին կը զրկուի մօրմէն, իսկ տասը տարեկանին կը կորսնցնէ հայրը: Կ’ապրի մեծ մօր հետ մինչեւ 1881, երբ իրենց հայկական թեմի առաջնորդը կը մեկնի Էջմիածին՝ եպիսկոպոս օծուելու։ Գէորգ Դ. կաթողիկոսը առաջնորդին կը պատուիրէ, որ ան իրեն հետ որբ երեխայ մը բերէ Էջմիածինի վանք՝ կրթութիւն ստանալու համար:

Մանուկ Սողոմոնը կ’երթայ Էջմիածին եւ այնտեղ իր զարմանահրաշ երգով մեծ տպաւորութիւն կը գործէ կաթողիկոսին վրայ։ Քսան թեկնածուներուն մէջէն կ’ընտրուի ան։ 1890-ին կը դառնայ սարկաւագ, 1893-ին կ’աւարտէ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը։ Անոր կը շնորհուի աբեղայի աստիճան եւ կը տրուի 7-րդ դարու նշանաւոր բանաստեղծ, շարականներու հեղինակ Կոմիտաս կաթողիկոսի անունը։

Ճեմարանին մէջ Կոմիտաս կը նշանակուի երաժշտութեան ուսուցիչ։ 1895-ին անոր կը շնորհուի վարդապետի աստիճան։ Նոյն թուականի աշնան Կոմիտաս կը մեկնի Թիֆլիս՝ երաժշտական ուսումնարանին մէջ ուսանելու։ Հանդիպելով Փեթերսպուրկի երաժշտանոցին մէջ կրթութիւն ստացած երաժշտահան Մակար Եկմալեանին` կը փոխէ իր մտադրութիւնը եւ վերջինիս մօտ կ’ուսումնասիրէ եւ կ’իւրացնէ հարմոնիայի դասընթացը։

Կաթողիկոսի բարեխօսութեամբ թոշակ ստանալով քարիւղ արդիւնաբերող հայ Ալեքսանտր Մանթաշեանէն՝ Կոմիտաս կը մեկնի Պեռլին, ուր կ’արձանագրուի «Կայզեր Ֆրիտրիխ Ուիլհելմ» համալսարան եւ երաժշտական ուսումնասիրութիւն կը կատարէ Ռիխարտ Շմիտդի ղեկավարութեամբ: 1899-ին կը վերադառնայ Էջմիածին եւ կը ղեկավարէ տղամարդոց բազմաձայն երգչախումբը։ Կը ճամբորդէ երկրի բոլոր շրջանները՝ փնտռելու զանազան ժողովրդական երգեր եւ պարեր։ Կը հաւաքէ մօտաւորապէս 3000 երգ, որոնց մեծ մասը յարմարեցուած էր երգչախումբով երգելու։

Կոմիտասի գլխաւոր աշխատանքը իր «Պատարագ»-ն է, որ մինչեւ այսօր առկայ է եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան մէջ։ «Պատարագ»-ը առաջին անգամ հրատարակուած է 1933-ին Փարիզի մէջ եւ առաջին անգամ ձայնագրուած է 1988-ին Երեւանի մէջ։

Կոմիտաս առաջին ոչ եւրոպացին էր, որ ընդունուեցաւ Միջազգային երաժշտական ընկերութիւն։ Ան բազմաթիւ դասախօսութիւններ եւ կատարումներ կ’ունենար ամբողջ Եւրոպայի, Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ՝ ներկայացնելով մինչեւ այդ ժամանակը շատ քիչ ճանչցուած հայկական երաժշտութիւնը։ 1910-էն ետք ապրած եւ աշխատած է Պոլսոյ մէջ, ուր հիմնած է 300 անդամէ բաղկացած «Գուսան» երգչախումբը։ 1915 Ապրիլ 24-ին այլ հայ մտաւորականներու պէս ձերբակալուած է եւ հարկադրուած քալած աքսորի ճամբաներով դէպի Արաբիոյ անապատները։ Անոր լաւ ընկերները՝ թուրք բանաստեղծ Էմին Եարտաքուլը եւ ամերիկեան դեսպան Հենրի Մորկընթաուն, միջամտած են, եւ Կոմիտասը ազատուած է աքսորէն։

Կոմիտաս տեղափոխուած է Փարիզ, ուր 1935-ին մահացած է հոգեբուժական դարմանատան մէջ։ Յաջորդ տարի անոր աճիւնը տեղափոխուած է Երեւան։ 1950-ական թուականներուն Կոմիտասի ձեռագիրերը նոյնպէս փոխադրուած են Փարիզէն Երեւան։ Այսօր Երեւանի երաժշտանոց կը կրէ Կոմիտասի անունը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին