Երեքշաբթի, 10. 06. 2025

spot_img

Francophonie-եան Ցուցահանդէս Նոազ Արքի Մէջ

Միջազգայնօրէն մեծ հեղինակութիւն վայելող «Ֆրանքոֆոն» կազմակերպութիւնը կը շարունակէ կարեւորել տեսողական արուեստի գեղագիտական ուժը եւ յառաջ կը մղէ բազմաթիւ ժողովուրդներու մշակութային խաչաւորման եւ զարգացման գործընթացը: Այս առումով Հինգշաբթի, 13 Սեպտեմբերի երեկոյեան Զալքայի Նոազ Արք ցուցասրահին մէջ կայացած ցուցահանդէսը ոչ միայն ուշագրաւ ձեռնարկ մը հանդիսացաւ իր տեսակին մէջ, այլեւ բացառիկ յաջողութիւն արձանագրեց իբրեւ տարբեր մշակոյթներ (ֆրանսական, հայկական եւ լիբանանեան) ընդելուզող եւ անոնց մէջ բարեկամական սերտ կապ յառաջացնող արուեստի միջոցառում:

Տրուած ըլլալով, որ «Նոազ Արք»-ը վերջին տարիներուն առաւելաբար միջազգային ցուցահանդէսներու կը մասնակցի եւ շատ քիչ պարագաներու միայն արուեստասէր հանրութեան կը ներկայանայ Լիբանանի մէջ, ֆրանսական եւ հայկական զոյգ դեսպանատուներու բարձր հովանաւորութիւնը վայելող այս գեղանկարչական ձեռնարկը ներկաներուն համար առիթ մը եղաւ ըմբոշխնելու ֆրանսահայ բարձրորակ արուեստը: Ներկայացուած են տարբեր սերունդներու պատկանող  ականաւոր եւ միջազգայնօրէն գնահատուած հինգ գեղանկարիչներ՝ Էտկար Շահին, Գառզու, Ժանսէմ, Շարդ եւ Ասատուր: Թէ մշակութային եւ թէ ազգային քաղաքական տեսանկիւնէ դիտած այս միջոցառումը եռակողմանիօրէն խիստ  շահեկան ցուցահանդէս մը եղաւ, ուր ներկայ էին Ֆրանսայի դեսպան
պրն. Պրունօ Ֆուշէ, Հայաստանի դեսպան պրն. Սամուէլ Մկրտիչեան, ֆրանսական դեսպանատան հիւրերէն պրն. Կամպիզ Պէհնիա, Հայաստանի հիւպատոս պրն. Լէոնար Հաճեան, Լիբանանի խորհրդարանի անդամ պրն. Յակոբ Բագրատունեան, բարեջան առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմի Գերշ. տէր Նարեկ արք. Ալեէմեզեանի ներկայացուցիչ Նարեկ քհյն. Հէճինեան եւ այլ քաղաքական ու դիւանագիտական գործիչներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ եւ արուեստասէրներու հոծ բազմութիւն մը:

Այս խորհրդանշական ցուցահանդէսի բացումը կատարեց «Նոազ Արք»-ի Հիւսիւսային Ամերիկայի նեկայացուցիչ Հերակ Հերկելեան: Ան իր բացման խօսքին մէջ շեշտը դրաւ նախ եւ առաջ ֆրանսերէն լեզուի դերին, որ կը միաւորէ տարբեր ազգութիւններ, հետեւաբար տարբեր մշակոյթներ կրող ժողովուրդներ: Ըստ Հերկելեանի՝ ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած ֆրանսահայ նկարիչները նոյնպէս կը դրսեւորեն ե՛ւ Ֆրանսայի բարձր մշակութային հարստութիւնը, ե՛ւ հայութեան 20-րդ դարուն ապրած տարագրութիւնն ու տառապանքները ցեղասպանութենէն մինչեւ նոր գաղութներու հաստատումն ու անոր կրած դժուարութիւնները:

Հերակ Հերկելեան նաեւ նշեց Լիբանանի դերը «Ֆրանքոֆոնեան» ծիրէն ներս՝ յիշեցնելով, թէ, գտնուած ըլլալով Արեւելեան ու Արեւմտեան քաղաքակրթութեան հանդիպման խաչմերուկին, Լիբանանը հրաշալի վայր կը հանդիսանայ տարբեր մշակոյթներու համակեցութեան ու փոխազդեցութեան՝  ընդգծելով այն փաստը, որ ֆրանսահայ գեղանկարիչներուն մէկ մասը ծնած ու մեծցած են Լիբանանի մէջ, իսկ մնացածներուն ալ ստեղծագործութիւնները պարբերաբար ցուցադրուած են Պէյրութի մէջ ու արժանացած բարձր գնահատանքներու:

Ապա Հերկելեան խօսքը փոխանցեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան դեսպան պարոն Պրիւնօ Ֆուշէին, որ իր հերթին երախտագիտական ու դրուատական խօսքեր փոխանցեց հայութեան (ֆրանսահայ, լիբանանահայ թէ այլուր), ֆրանսայի պատմութեան եւ առհասարակ մշակութային կեանքին, անոնց բերած նպաստին համար: Ան վերյիշելէ ետք հայ-ֆրանսական սերտ կապերը, պատրաստակամութիւն յայտնեց աւելի զարգացնելու զանոնք բոլոր ոլորտներէն ներս: Ապա ան այս ցուցահանդէսը դրուատեց իբրեւ վաւերական ապացոյց այս բոլորին:

Խօսք առաւ նաեւ ՀՀ դեսպան պարոն Սամուէլ Մկրտչեան, որ մեծ խանդավառութեամբ արտայայտուեցաւ յառաջիկայ Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ կայանալիք «Ֆրանքոֆոնի»-ի գագաթնաժողովին առնչութեամբ եւ վստահեցուց, որ ան իւրայատուկ առիթ մը պիտի հանդիսանայ ֆրանսախօս ժողովուրդներու միախմբութեան եւ համագործակցութեան կապակցութեամբ: Մկրտչեան խօսեցաւ ֆրանսահայ նկարիչներու մասին որպէս լաւագոյն օրինակ մշակոյթի միջոցով երկու ժողովուրդները միաւորող կապ: Ապա նշեց նաեւ, որ պարագաներու բերումով Փարիզի մէջ ուսանած, ապրած ու ստեղծագործած ֆրանսահայ արուեստագէտները,  իւրայատուկ եւ մնայուն արժէք ներկայացնող ստեղծագործութիւններ պարգեւեցին,  որոնք մեզի՝ բոլորիս հիացնելու ու հպարտանալու առիթ կը հանդիսանան:

Այս ցուցահանդէսով Նոազ Արք անգամ մը եւս կը հաստատէ արուեստի հանդէպ իր մասնագիտական մօտեցումն ու ցուցասրահը արուեստի տաճարի վերածելու ձգտումը:

Ցուցասրահը բաց պիտի մնայ ամէն օր առաւօտեան ժամը 11-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 19-ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին