ԳԷՈՐԳ ՉԻՉԵԱՆ
«Մանկական հրատարակութիւնը «ռմբակոծում» պէտք է ըլլայ: Երեխան յաճախակի պէտք է մանկական նոր հրատարակութիւն տեսնէ, որպէսզի խանդավառուի հայերէն մանկական թերթ կարդալով: Պէտք է բոլոր հնարաւոր միջոցներով սատարել «Փթիթ»-ի հետագայ գործունէութեան»,- Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Ռոպեր Հատտեճեանը այս խօսքերով բնութագրած է Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող «Փթիթ» մանկապատանեկան ամսագիրի աշխատանքները, որոնք պարբերաթերթի հիմնադիրներ Կարօ եւ Վերժինէ Աբրահամեաններու համար խմբագրական աշխատանքները նոր աւիւնով շարունակելու ուղենիշ դարձած են:
«Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերաթերթը հիմնադրուած է 2010 թուականին Պէյրութի մէջ: Անիկա ստեղծուած է հայկական վարժարաններուն մէջ հայերէնի նահանջի վտանգը կանխելու նպատակով: Պարբերաթերթի մտայղացումը կը պատկանի պարբերաթերթի խմբագիր Վերժինէ Աբրահամեանին: Ան Պոլսոյ մէջ շուրջ քսան տարի հրատարակուող «Ժպիտ» պարբերաթերթը մշտապէս կարդալով` որոշած է Լիբանանի մէջ նոյնպէս մանկապատանեկան թերթ մը հրատարակել (մանաւանդ որ այդպիսի թերթ Լիբանանի մէջ չէ եղած):
«Ամուսնուս առաջարկով «Փթիթ» անուանած ենք: Հայերէն գեղեցիկ բառ է, որ կը նշանակէ ծաղկում: Հետեւաբար, «Փթիթ»-ը իր փոքր եւ պատանի ընթերցողներուն կ’օգնէ հայեցիօրէն «ծաղկելու», բարոյական վեհ սկզբունքներ ունենալու, ինչպէս նաեւ հարստացնելու մայրենիի բառապաշարը»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին նշեց Վերժինէ Աբրահամեան` աւելցնելով, որ ընթերցողներուն կը ներկայացուին ոչ միայն խաղեր, այլեւ յօդուածներ, հետաքրքրաշարժ պատմութիւններ` այդպիսով բարձրացնելով անոնց բարոյահոգեբանական նկարագիրը:
Վերժինէ Աբրահամեան նշեց, որ «Փթիթ»-ի էջերուն վրայ երեք կարճ հեքիաթ, մէկ առակ, խմբագրական, առողջապահական եւ երեխաներու մասին ուսուցողական հետաքրքրական յօդուածներ եւ տարաբնոյթ խաղեր կ’ընդգրկուին: Հասկնալու համար, թէ ընթերցողներուն մօտ թերթը որքան պահանջ ունի, լիբանանահայ հինգ վարժարաններու միջեւ հարցում մը իրականացուած է, որուն արդիւնքով արժանացած է բարձր գնահատանքի: Հարցումին հիման վրայ ալ որոշուած է յաջորդ համարներու էջերու թիւն ու նիւթերու բաժանումը:
Ի դէպ, ընդհանուր առմամբ, տասնհինգ համար լոյս տեսած է: Պարբերաթերթը հասանելի է Լիբանանի հայկական վարժարաններուն մէջ, սփիւռքեան համայնքներուն, իսկ Հայաստանի մէջ կարելի է ձեռք բերել Խնկո-ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանէն, Հայաստանի ազգային գրադարանէն եւ շարք մը թերթերու խմբագրութիւններէ:
2015 թուականին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի հայկական բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ գործարկուած է պարբերաթերթի ելեկտրոնային տարբերակը` https://www.e-ptit.com/, իսկ 2016 թուականին` PTIT կամ ՓԹԻԹ յաւելուածը (app):
«Պարբերաթերթի ելեկտրոնային տարբերակը լայն արձագանգ գտաւ աշխարհի հինգ մայրցամաքներուն մէջ: Այս երեւոյթը կ’ապացուցէ, որ թերթը յաջողութեամբ կատարած է իր առաքելութիւնը, որովհետեւ կրցած ենք աշխարհի տարբեր երկիրներ բնակող, տարբեր լեզուակիր, մշակոյթ ունեցող փոքրիկներուն եւ պատանիներուն ուշադրութիւնը գրաւել»,- ըսաւ Վերժինէ Աբրահամեան եւ ընդգծեց, որ ելեկտրոնային տարբերակի բաղկացուցիչ մասը նոյնպէս դաստիարակչական բնոյթի բազմապիսի լեզուական, թուային եւ տրամաբանական խաղեր կը կազմեն:
Աւելցնենք, որ այս տարի Փետրուարին Լիբանանի Հայկազեան համալսարանին մէջ «Փթիթ»-ին նուիրուած ձեռնարկ կազմակերպուած է, ուր լիբանանահայ ազգային կեանքին մէջ ունեցած վաստակին եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման համար Կարօ եւ Վերժինէ Աբրահամեանները պարգեւատրուած են Հայկազեան համալսարանի եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոյ գիրերով:
Մաղթե՛նք «Փթիթ»-ին արգասաբեր աշխատանք, հետաքրքրական եւ բովանդակալից բազում թողարկումներ, որոնք իրապէս կը նպաստեն աշխարհասփիւռ հայ երեխաներուն հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն տալու գործին: Թո՛ղ յարատեւէ «Փթիթ»-ը` դառնալով փոքրիկներու եւ պատանիներու ամենասպասուած «հիւրը»: