Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նուիրուած է շտապօգնութեան 200 մեքենայ:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի առողջապահութեան վարչութեան պետ Կամսար Պապինեան:
Անոր խօսքով՝ շտապօգնութեան մեքենաներուն 49-ը այսօր ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ տրամադրուած է Երեւանի քաղաքապետարանի ենթակայութեան «Շտապբուժօգնութիւն» ՓԲԸ-ին:
«Այսպիսով, Երեւան քաղաքը 35 աշխատակազմի փոխարէն պիտի սպասարկուի շտապօգնութեան 42 աշխատակազմով: Շտապօգնութեան մեքենաները յագեցած են արդի պահանջներուն համապատասխանող բժշկական սարքերով եւ պարագաներով, որ, ի հարկէ, պիտի նպաստէ մատուցուող բժշկական ծառայութիւններու որակի բարձրացման: Եղէք առողջ…»,- նշուած է Պապինեանի արձանագրութեան մէջ:






