Շաբաթ, 14. 03. 2026

spot_img

Նիւ Եորքի Մէջ Կայացած Է Նիկոլ Փաշինեանի Եւ Հասան Ռոհանիի Հանդիպումը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ Սեպտեմբեր 25-ին հանդիպում ունեցած է Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի հետ: Զրուցակիցները քննարկած են հայ-իրանական յարաբերութիւններու օրակարգային տարբեր հարցեր: Անոնք կարեւոր համարած են տնտեսական համագործակցութեան զարգացումը եւ նշած, որ անիկա զգալիօրէն կը զիջի երկկողմ քաղաքական յարաբերութիւններու մակարդակին: Անոնք անհրաժեշտ համարած են գործուն քայլերու ձեռնարկումը` առեւտրատնտեսական կապերու խթանման, առկայ ներուժի իրացման նպատակով:

Փաշինեան ընդգծած է, որ հայ-իրանական յարաբերութիւնները ունին առանձնայատուկ բնոյթ եւ պէտք է ատոնք շարունակեն զարգանալ բարեկամական ամուր կապերու հիմքի վրայ:

Իր հերթին, Հասան Ռոհանի նշած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ է վստահութեան բարձր մակարդակ: Իրանի նախագահին խօսքով` հայ համայնքը իր երկրին մէջ ունի կարեւոր դերակատարութիւն եւ մեծ յարգանք կը վայելէ իրանցիներու կողմէ: Խօսելով տնտեսական փոխգործակցութեան մասին` ան համոզում յայտնած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ ստորագրուած ազատ առեւտուրի գօտիի ձեւաւորման միտուած համաձայնագիրը եւս հնարաւորութիւն պիտի տայ աւելի խորացնելու հայ-իրանական տնտեսական գործակցութիւնը:

Փաշինեան եւ Ռոհանի անդրադարձած են տարբեր, ինչպէս` ուժանիւթի, ճանապարհաշինութեան ոլորտներու մէջ համագործակցութեան, համեմատական պայմաններու բարելաւման վերաբերող հարցերու:

Իրանի նախագահը վարչապետ Փաշինեանը հրաւիրած է Իրան եւ համոզում յայտնած, որ այցը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ աւելի ընդգրկուն քննարկելու երկկողմ համագործակցութիւնը ընդլայնելու ուղիները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին