Շաբաթ, 28. 02. 2026

spot_img

Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը Կը Հրաժարի Իր Պաշտօնէն

Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռուբէն Մելիքեան յայտնած է հրաժարական ներկայացնելու որոշումին մասին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին Մելիքեան գրած է ֆէյսպուքի իր էջին մէջ:

«Երէկ հրապարակած ենք Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանի յատուկ զեկոյցը Ազրպէյճանի մէջ հայատեացութեան փաստերու վերաբերեալ` ատով ըստ էութեան աւարտելով 2016-ի ապրիլեան պատերազմի առթիւ մեր սկսած փաստահաւաք գործառոյթը: Թէեւ մեր հաստատութիւնը աշխուժօրէն իրականացուցած է ու կ’իրականացնէ ծաւալուն գործունէութիւն տարբեր ուղղութիւններով, նշուած գործառոյթը յատուկ կարեւորած եմ ի սկզբանէ:

Այդ գործը աւարտին հասցնելէ ետք արդէն ինծի իրաւունք կը վերապահեմ ի կատար ածելու դեռեւս մէկ-երկու ամիս առաջ կայացուցած անձնական որոշումս, որ է` հրաժարական ներկայացնել Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի պաշտօնէն:

․․․ Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի ողջ աշխատակազմին: Կը հպարտանամ ձեզմէ իւրաքանչիւրով:

Հրաժարական տալով այս պաշտօնէն` երբեք հրաժարական չեմ տար Արցախէն, մեր համազգային իղձերէն ու մեր «ազատասէր նախնիներու սուրբ պատգամէն: Ես Արցախ պիտի ըլլամ յաճախ եւ պիտի փորձեմ ուժերուս ներածի չափով օգտակար ըլլալ»,- գրած է ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին