Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

Քրասնոյարսքի Բնակիչը Սպառնացած Է Պայթեցնել Պաքու Թռչող Ինքնաթիռը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Քրասնոյարսքի 51-ամեայ բնակիչը Նովոսիպիրսք-Պաքու չուերթի ժամանակ սպառնացած է պայթեցնել օդանաւը:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Սպառնալիքի պատճառը եղած է այն, որ օդանաւի անձնակազմը հրաժարած է տղամարդուն առեւտրական դասին մէջ նստեցնել:

Նովոսիպիրսքի «Տոլմաչովօ» օդակայանի ոստիկանութիւնը տեղեկութիւն ստացած է, որ ուղեւորներէն մէկը յայտնած է պայթումի սպառնալիքի մասին:

Օդանաւի ուղեւորները տարհանուած են, օդանաւը, ուղեւորներն ու անոնց ուղեբեռը անցած են կրկնակի ստուգում: Պայթուցիկ սարքեր չեն յայտնաբերուած, որմէ ետք օդանաւը ուղեւորուած է Պաքու:

Դէպքին առթիւ յարուցուած է քրէական գործ՝ ահաբեկչութեան մասին կեղծ հաղորդագրութիւն տարածելու յատկանիշներով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին