Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

Պաքու Սպառնալիքներ Կը Հնչեցնէ Արցախի Ռազմափորձերուն Կապակցութեամբ

Ազրպէյճանը «լարուածութեան աճին ուղղուած սադրանք» որակած է Արցախի Հանրապետութեան մէջ ռազմափորձեր կատարելու հայկական ուժերուն նախաձեռնութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը։

Նշենք, որ Արցախի բանակի ստորաբաժանումները Սեպտեմբեր 25-28-ի միջեւ ռազմափորձեր կ’իրականացնեն Արցախի մէջ։

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը այդ կապակցութեամբ տարածած է յայտարարութիւն մը, որուն համաձայն՝ «թշնամիին օդուժը պիտի ոչնչացուի, եթէ փորձէ մօտենալ ազրպէյճանական բանակի դիրքերուն»:

Ըստ նոյն նախարարութեան՝ «հաւանական կորուստներու համար ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ Հայաստանի քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարութիւնը»:

Միւս կողմէ՝ արեւմտեան լրատուական գործակալութիւններու հարցումներուն պատասխանելով՝ Արցախի ուժերու հրամանատարները ըսին. «Ազրպէյճանի ուժերի կողմից վտանգի դէպքում՝ առա՛նց վարանելու պատասխան կը տանք»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին