Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

«Նելսըն Մանտելան Խորհրդանիշ Կը Մնայ Բռնութիւնը Ոչ Բռնի Միջոցներով Յաղթահարելու Քրիստոնէական Սկզբունքին»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Քանի մը օրեր առաջ, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կազմակերպութեամբ, Նիւ Եորքի (ԱՄՆ) մէջ տեղի ունեցաւ Նելսըն Մանտելայի յիշատակին նուիրուած համագումար մը՝ իր ծննդեան 100-ամեակին առիթով։ Նկատի ունենալով, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս անձնապէս ճանչցած ու հանդիպում ունեցած է Նելսըն Մանտելային հետ՝ այս առիթով Cilicia TV-ն դիմեց վեհափառ հայրապետին՝ որոշ տեղեկութիւններ քաղելու ու իր տպաւորութիւնները ունենալու ափրիկեան այս մեծ անձնաւորութեան մասին։

Նորին Սրբութիւնը հետեւեալը պատմեց Cilicia TV-ին.

«Նելսըն Մանտելային հետ իմ հանդիպումս պատահական չէր։ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը 1970-ական թուականներուն իր գործունէութեան կառոյցէն ներս նոր բաժանմունք մը հաստատեց Combats Racism (Պայքար ցեղապաշտութեան դէմ) անունով։ Այս բաժանմունքին գործունէութեան նպատակն էր զօրակցիլ յատկապէս Ափրիկէի կարգ մը երկիրներու մէջ (Զամպիա, Ռոտէզիա, Մոզամպիք, Հարաւային Ափրիկէ եւ այլն…) ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի լծուած կազմակերպութիւններուն։ Յիշեալ եւ այլ երկիրներու մէջ իշխանութիւնը կը գտնուէր ճերմակամորթներուն ձեռքը, որոնք փոքրամասնութիւն կը կազմէին յարաբերաբար տեղացի ափրիկեցիներուն, եւ յիշեալ իշխանութիւններուն կողքին կը գտնուէին Անգլիան, Փորթուկալը, Սպանիան, Հոլանտան եւ այլ արեւմտեան երկիրներ։

ԵՀԽ-ի զօրակցութիւնը քաղաքական, հոգեւոր ու բարոյական միջոցառումներու կողքին նաեւ կը ներառէր նիւթական աջակցութիւն՝ մշակութային, կրօնական, կրթական ու ընկերային ծրագիրներուն։ Խորհուրդին յիշեալ ծրագիրին, յատկապէս ցեղապաշտութեան դէմ պայքարող կազմակերպութիւններուն զանազան ծրագիրներուն օժանդակութեան շուրջ դէմ էին շարք մը արեւմտեան երկիրներու եկեղեցիներ, բնականաբար հետեւելով իրենց պետութիւններու քաղաքական կեցուածքին։ Անոնց հիմնական մտահոգութիւնը այն էր, թէ զանազան ծրագիրներու համար կատարուած նիւթական օժանդակութիւնը կրնար յատկացուիլ զէնքի գնման։ Հակառակ ԵՀԽ-էն ներս ստեղծուած հակադիր կարծիքներու ու ներքին բաժանումներու՝ խորհուրդի անդամներուն մեծամասնութիւնը վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը, նաեւ նիւթական աջակցութիւնը ցեղապաշտութեան դէմ պայքարող կազմակերպութիւններուն, որոնք իրենք զիրենք կը բնորոշէին որպէս «ազատագրական շարժում»։

Բնականաբար, որպէս հայ հոգեւորական՝ իմ երիտասարդ տարիքէս սկսեալ, միշտ իմ զօրակցութիւնս յայտնած եմ յիշեալ շարժումներուն առնչուած ծրագիրներուն՝ այդ շարժումներուն մէջ տեսնելով մեր ժողովուրդին արդարութեան պայքարը։ Հետագայ տարիներուն, երբ ԵՀԽ կեդրոնական վարչութեան անդամ դարձայ, զօրակցութիւնս աւելի շեշտուեցաւ, եւ մանաւանդ երբ ատենապետ ընտրուեցայ Խորհուրդին կեդրոնական ու գործադիր վարչութեանց, զօրակցութիւնս եղաւ ամբողջական ու շեշտակի, որովհետեւ կը հաւատայի, որ ցեղապաշտութեան դէմ այս շարժումներուն պայքարը ճիշդ էր եւ, հետեւաբար, եկեղեցին պէտք է զօրակից դառնար ի խնդիր անկախութեան, արդարութեան ու մարդկային իրաւանց համար տարուող պայքարին։

Երբ 1991 թուականին Նելսըն Մանտելան, որ երկար տարիներէ ի վեր բանտարկուած էր Հարաւային Ափրիկէի Ռոպէն կղզիին մէջ որպէս այդ երկրին ազատագրական պայքարին ղեկավարը, բանտէն ազատ արձակուեցաւ, իր առաջնահերթ աշխատանքներէն մէկը եղաւ յանուն իր ժողովուրդին իր երախտագիտութիւնը յայտնել ԵՀԽ-ին։ Ան այցելեց խորհուրդի կեդրոնատեղին Ժընեւի մէջ եւ իր խոր երախտագիտութիւնը յայտնեց այն բոլոր եկեղեցիներուն, որոնք զանազան ձեւերով օգտակար հանդիսացած էին ափրիկեան երկիրներու ազատագրական շարժումներուն։

Իմ երկրորդ հանդիպումս տեղի ունեցաւ 1992-ին Հարաւային Ափրիկէի Ճոհաննէսպըրկ եւ Բերիթորիա քաղաքներուն մէջ։ Ճոհաննէսպըրկի հսկայ մարզադաշտի մը մէջ հազարաւոր ժողովուրդի ներկայութեան Նելսըն Մանտելան խօսք առաւ եւ դարձեալ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց ԵՀԽ-ին, ապա ես խօսք առի որպէս ատենապետ այդ խորհուրդին։ Ժողովրդային այս հաւաքին յաջորդեց կրօնական արարողութիւն մը եկեղեցւոյ մէջ, ուր դարձեալ խօսք առինք։ Յաջորդ օրը, Նելսըն Մանտելայի պաշտօնական գահակալութիւնը տեղի ունեցաւ մայրաքաղաք Բերիթորիոյ մէջ, ուր դարձեալ կարճ հանդիպում մը ունեցայ անոր հետ։

Նելսըն Մատելան ազատագրական պայքարի սովորական ղեկավար մը չէր։ Անոր անձին մէջ խտացած էին մարդկային, բարոյական ու հոգեւոր արժէքներ։ Ան խոր հաւատացեալ էր եւ յաճախ իր բանտարկութեան ընթացքին կարդացած էր Աստուածաշունչին առնչուած գրականութիւն։ Նելսըն Մատելան պարզ ու խոնարհ մարդ էր։ Անոր ողջ կեանքը դարձաւ ամէնօրեայ պայքար՝ աղօթքի, խոկումի ու ոչ բռնի միջոցներով իր ժողովուրդի անկախութեան ու արդարութեան համար։ Իր անմիջական գործակիցը եղած է Հարաւային Ափրիկէի անկլիքան եպիսկոպոս Դուդուն, որ միաժամանակ ինծի մօտիկ բարեկամ եղած է միջեկեղեցական ծիրէն ներս եւ պաշտամունքի հասնող սէր ու յարգանք ունեցած է Մանտելայի նկատմամբ որպէս ազատագրիչը Հարաւային Ափրիկէին։

Ես մօտէն հետեւեցայ ՄԱԿ-ի կազմակերպած վերջին համագումարին՝ Նելսըն Մանտելային նուիրուած, եւ գոհունակութեամբ լսեցի Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին՝ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքը։ Ուրախ եմ, որ վարչապետը յանձն առած է այդ ամպիոնէն անդրադառնալ Նելսըն Մանտելայի տիպարին, որ կը մնայ խորհրդանիշ ու ներշնչման աղբիւր այն բոլոր անձերուն ու շարժումներուն, որոնք ոչ բռնի միջոցներով արդարութեան ու ազատութեան համար կը պայքարին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին