«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Քորէայի Հանրապետութեան նախագահ Մուն Չժէ Ինը յոյսով է, որ Հիւսիսային Քորէան եւ իր հարաւային հարեւանի վերամիաւորումը տեղի կ’ունենայ իր կեանքի օրօք: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, պետութեան ղեկավարը յայտարարած է «Fox News» հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցի ժամանակ, որ հրապարակուած է Սեպտեմբեր 25-ին:
«Շատ դժուար է կանխատեսել, թէ ե՛րբ տեղի կ’ունենայ քորէական թերակղզիի վերամիաւորումը: Մենք չենք կրնար ծրագիրներ կազմել նման բաներու վերաբերեալ»,- ըսած է Մուն Չժէ Ինը:
«Կը կարծեմ, որ եթէ մենք ապահովենք համապարփակ խաղաղութիւն, այդ ժամանակ յանկարծ կը կարողանանք տեսնել երկու Քորէաներու վերամիաւորումը,- նշած է նախագահը:- Ես յոյսով եմ, որ այդ մէկը կը տեսնեմ իմ կեանքի օրօք»,- աւելցուցած է պետութեան 65-ամեայ ղեկավարը:
Ընթացիկ ամսուան սկիզբը Մուն Չժէ Ինը ինտոնեզական «Kompas» թերթին տուած հարցազրոյցին յայտարարած էր, որ Քորէայի Հանրապետութիւնը կը ձգտի Հիւսիսային Քորէայի հետ լիարժէք հաշտութեան պայմանագիր ստորագրել արդէն մինչեւ այս տարուան վերջը, հաղորդած է «ՏԱՍՍ»-ը: