«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովը պելառուս խորհրդարանականներուն ուղեկցութեամբ Սեպտեմբեր 26-ին այցելած է Խատինի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցած 1943-ի ֆաշիզմի զոհ դարձած Խատինի նահանգի խաղաղ բնակիչներուն յիշատակին:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Էդուարդ Շարմազանովը նշած է. «Խատինի աղէտը ֆաշիզմի դասական դրսեւորում է: Թէ՛ 1915-ի Ապրիլին Կոստանդնուպոլսոյ, թէ՛ 1943-ի Խատինի եւ թէ՛ 2016-ի Ապրիլին Թալիշի մէջ գործ ունէինք ֆաշիզմի դասական դրսեւորման հետ: Եւ այսօր դատապարտելով Խատինի աղէտը՝ մենք կը դատապարտենք թէ՛ Հայոց ցեղասպանութիւնը, թէ՛ ազրպէյճանցիներու կողմէ Թալիշի խաղաղ բնակիչներուն դէմ վայրագութիւնները»: