«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հրամանատար Ժոզէֆ Աուն Չորեքշաբթի առաւօտեան ուղղուեցաւ Ռաս Պաալպեք, ուր վշտակցեցաւ վերջերս կրակոցի զոհ գացած զինուորի՝ Քասեմ Մուհամմատ Ուեհպիի մահը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր ընտանեկան պարագաներուն ու հարազատներուն:
Քասեմ Մուհամմատ Ուեհպի ծնած է 1977-ին: Բացի կրակոցին զոհ գացած Ուեհպիէն՝ վեց զինծառայողներ վիրաւորուեցան, երբ իրենց հետախուզական ստորաբաժանումը կը հետապնդէր թմրանիւթերու վաճառքով զբաղող կասկածեալ անձին: Այս մասին Երեքշաբթի առաւօտեան յայտարարութիւն հրապարակեց լիբանանեան բանակը: