Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Աուն Կոչ Կ’ուղղէ Շարք Մը Բարեփոխումներու Իրականացման Եւ ՄԱԿ-ի Մէջ Համակարգային Յաւելեալ Թափանցիկութեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահ Միշէլ Աուն Չորեքշաբթի քննադատեց ՄԱԿ-ի գործունէութեան ներկայ ընթացքը՝ կոչ ուղղելով կազմակերպութեան ապահովական խորհուրդին մէջ այլ երկիրներու ներգրաւուածութեան, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան մէջ համակարգային յաւելեալ թափանցիկութեան:
Նախքան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նիստը, իր ուղերձին մէջ Աուն նշեց, որ ՄԱԿ-ը համաշխարհային գետնի վրայ առաջնորդող ուժ դառնալու համար անհրաժեշտ են շարք մը յարմարեցումներ:
«Պէտք է ըլլայ բարեփոխումներու նախագիծ, որ ուղի կը հարթէ Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ անդամ պետութիւններու թիւի յաւելման եւ աւելի թափանցիկ, ժողովրդավարական եւ հաւասարակշռուած համակարգ կ’որդեգրէ», – ըսաւ ան:
Աուն մեղադրեց նաեւ ՄԱԿ-ի շարք մը անդամ պետութիւնները, որոնք կը խուսափին իրենց համար ոչ ձեռնտու որոշումներ գործադրելէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին