Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Ազրպէյճանի Մէջ Աւելի Քան 100 Դատաւոր Հեռացուած Է Համակարգէն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ազրպէյճանի մէջ աւելի քան 100 դատաւոր հեռացուած է դատական համակարգէն:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Ազրպէյճանի արդարադատութեան նախարար Ֆիքրեթ Մամետովի փոխանցմամբ՝ կաշառակերութեան հետ կապուած իրաւախախտումներու համար ազրպէյճանական 35 դատարան ենթարկուած է կարգապահական պատասխանատուութեան: Նախարարը նշած է նաեւ, որ ներկայիս սկզբունքային գնահատական կը տրուի շուրջ 80 դատաւորի գործունէութեան:

Դատաւորներու հեռացման համար հիմնական պատճառներ հանդիսացած են դատական գործերու դիտարկման ձգձգումները, բարոյագիտութեան կանոններու խախտման դէպքերը:

Այն մասին, թէ դատաւորները ի՛նչ ժամանակահատուածի հեռացուած են համակարգէն, նախարարը մանրամասնութիւններ չէ նշած:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին