«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին երկրորդի հետ այցելած է Նիւ Եորքի հանրայայտ Մեթրոփոլիթէն թանգարանին մէջ բացուած «Արմէնիա» խորագիրով ցուցահանդէսը: ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ վարչապետը շրջայց կատարած է ցուցասրահներուն մէջ, ծանօթացած ներկայացուած հայկական արուեստի ու մշակոյթի լաւագոյն նմոյշներուն՝ սկսած 4-րդ դարէն մինչեւ 17-րդ դար:
Վարչապետը նշած է, որ 2018 թուականը խորհրդանշական տարի է, որուն ընթացքին զգալիօրէն ամրապնդուած են հայ-ամերիկեան մշակութային կապերը: «Այս տարի հայկական մշակոյթը ներկայացուում է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներում աննախադէպ ձեւով՝ մօտեցնելով Հայաստանի մշակութային եւ քաղաքակրթական ժառանգութիւնը մեր ամերիկացի բարեկամներին: Այս տարի նշուում է ամերիկեան հողում հայկական ներկայութեան 400 ամեակը: 1618 թուականին առաջին հայը՝ Մարտին անունով, հասել է Վիրճինիայի ափերին եւ բնակութիւն հաստատել Ճեյմսթաունում: Այդ օրուանից ի վեր մեր հայրենակիցների ներկայութիւնն այս հողի վրայ չի ընդհատուել, ինչպէս եւ նրանց ներդրումն իրենց նոր հայրենիքի մշակոյթի մէջ: Այս տարի աւելի վաղ հայկական մշակոյթը՝ սովորոյթներն ու աւանդոյթները, ցուցադրուել են Ուաշինկթընում՝ ԱՄՆ մայրաքաղաքի սրտում, ազգային Մոլում, Սմիթսոնեան ժողովրդական կեանքի փառատօնի շրջանակում: Այն մեզ աննախադէպ հնարաւորութիւն տուեց հայկական մշակոյթն իր իւրայատուկ բազմազանութեամբ ներկայացնել ամերիկեան հասարակութեանը, ինչպէս նաեւ աշխարհի տարբեր անկիւններից ժամանած հազարաւոր զբօսաշրջիկների: Մի քանի շաբաթ առաջ մեր երկու ժողովուրդները միասին նշեցին Պուլիտցերեան մրցանակակիր, դրամատուրգ եւ գրող Վիլիամ Սարոյեանի ծննդեան 110-ամեակը: Սարոյեանի ժառանգութիւնը նշելու նպատակով, որը թանկ է մեր երկու ժողովուրդների համար, հեղինակի հայրենի Գալիֆորնիա նահանգի Ֆրեզնոյ քաղաքում բացուել է Սարոյեանի թանգարանը: Որպէս Միացեալ Նահանգներում Հայաստանի համար այս աննախադէպ իրադարձային մշակութային տարուայ գագաթնակէտը` այժմ ես մեծ պատիւ ու անձնական ուրախութիւն ունեմ ականատես լինելու այս իւրայատուկ ցուցահանդէսի բացմանը, շատ առումներով եզակի ցուցահանդէս»,- ըսած է վարչապետը:
Վարչապետը նշած է, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած 14 դարերու հայկական ժառանգութիւնը՝ իր անգին գլուխգործոցներով, ամբողջ աշխարհէն հաւաքուած է Մեթրոփոլիթէնի` աշխարհի ամենակարեւոր թանգարաններէն մէկուն մէջ, եւ համոզում յայտնած, որ անիկա, անկասկած, Միացեալ Նահանգներու մէջ պիտի փոխէ Հայաստանի եւ հայկական արուեստի նկատմամբ ընկալումն ու գնահատականը: «Այս նշանաւոր նախաձեռնութեան շնորհիւ Մեթրոփոլիթէնի տասնեակ հազարաւոր այցելուներ կը ծանօթանան մեր ազգի պատմական եւ մշակութային ժառանգութեանը, որն առաջինն է ընդունել քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն: Այսօր ներկայացուում են աւելի քան 140 նմոյշներ` պատկերազարդ ձեռագրեր, եկեղեցիների մանրանկարներ, խաչքարեր, տպագիր գրքեր եւ այլ եզակի ցուցանմուշներ, ներառեալ Թորոս Ռոսլինի, Սարգիս Պիցակի, Թորոս Տարօնացու, Յակոբ Ջուղաեցու, Գրիգոր Տաթեւացու ստեղծագործութիւններ»,- ըսած է վարչապետը` աւելցնելով, որ շատերու համար Մեթրոփոլիթէնի մէջ «Հայաստան» ցուցահանդէսը երազանքի իրականացում է: Վարչապետը ըսած է նաեւ, որ անիկա հնարաւոր դարձած է տիկին Հելեն Էվանսի եւ անոր գործընկերներու ջանքերուն շնորհիւ: Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ թանգարանի նախագահ Դանիէլ Վայսին, թանգարանի տնօրէն Մաքս Հոլիին, ձեռնարկի համակարգողներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անհատ նուիրատուներուն, հիմնադրամներուն, Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքարաններուն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին:
Ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ հայկական արուեստի ու մշակոյթի լաւագոյն նմոյշները՝ սկսեալ 4-րդ դարէն մինչեւ 17-րդ դար: Ցուցադրութիւնը նուիրուած է հայ ժողովուրդի գեղարուեստական եւ մշակութային ձեռքբերումներուն համաշխարհային ծիրէն ներս: Ցուցադրութեան ներկայացուած է 140 նմոյշ:






