Երեքշաբթի, 03. 02. 2026

spot_img

Վանաբնակ Միաբաններու Հաւաք Սուրբ Աստուածածին Վանքին Մէջ

Երկուշաբթի, 24 Սեպտեմբեր 2018-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդիպում ունեցաւ վանաբնակ միաբաններուն հետ։ Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց ամրան ընթացքին մայրավանքէն ներս կատարուած աշխատանքները, յատկապէս միաբան հայրերու կողմէ եւ շեշտեց միաբանութեան ծառայութիւնը թէ՛ մայրավանքէն եւ թէ թեմերէն ներս վերակազմակերպելու ու վերաշխուժացնելու հրամայականը՝ միշտ ընդառաջելով մեր ժողովուրդի կարիքներուն ներկայ պայմաններու լոյսին տակ։ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, թէ եկեղեցին իր էութեամբ ծառայութիւն է եւ այդ ծառայութիւնը մեր ժողովուրդին տանողը հոգեւորականն է։ Անթիլիասական միաբանը, ա՛յս գիտակցութեամբ, նուիրումով ու յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ կատարել այս ծառայութիւնն ու առաքելութիւնը։

Ապա հայրապետը միաբան հայրերուն փոխանցեց վանական ներքին պաշտօններն ու նոր պատասխանատուութիւնները, ինչպէս նաեւ պարզեց թեմական ծառայութենէ վերադարձած ու թեմական ծառայութեան գացող միաբաններուն անունները՝ իրենց ստանձնելիք պատասխանատուութիւններով։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին