Երեքշաբթի, 03. 02. 2026

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Գերմանական Լուտերական Եկեղեցիները Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը

Շաբաթ, 22 Սեպտեմբեր 2018-ին Ս. Աստուածածին վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց լուտերական եկեղեցւոյ Ուրթըմպըրկ շրջանի հոգեւոր պետ դոկտ. Ֆրանք Օդֆրիտ Ժուլին՝ պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ։

Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական ներկայութիւնն ու վկայութիւնը, անդրադարձաւ միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութեանց պարզած վիճակին, շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան հրամայականը եւ ընդհանուր ակնարկով մը ներկայացուց Հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան գլխաւոր երեսները։

Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր քննարկում մը կատարելու եւրոպական եկեղեցիներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու միջեկեղեցական գործակցութեան ճամբով քննելու այն հարցերը, որոնք այժմէական են ու հրատապ, փաստօրէն բոլոր եկեղեցիներու կեանքէն ներս։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին