«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի՝ մի քանի հարիւր միլիոն տոլար արժողութեամբ մասնաւոր ինքնաթիռ գնելու հանգամանքին:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Փայլան այս մասին գրառում կատարած է իր թուիթըրեան էջին վրայ:
Փայլան այստեղ տեղադրած է նաեւ Մեքսիքոյի նախագահին հետ պատահած դէպք մը, երբ նախագահը, որ իր ուղեւորութիւնները կ’իրականացնէ կանոնաւոր չուերթներով, ստիպուած եղած է 3 ժամ սպասել օդանաւին: Փայլանը գրառումին մէջ նշած է նաեւ Մեքսիքոյի նախագահին խօսքը, թէ աղքատներ ունեցող երկրին մէջ մասնաւոր օդանաւ ունենալը ամօթ է:
Անդրադառնալով Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի՝ օդանաւ ձեռքբերելու քայլին՝ Փայլանը գրած է. «Ամօթ չունեցող ալ կայ»:






