ԲԻՒԶԱՆԴ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Զարթօնք»-ի տարեդարձին առիթով դարձեալ յարմար կը տեսնենք իր առաջին թիւին մէջ տեղ գտած սոյն անժամանցելի յօդուածը վերատպել:
Հոն արտայայտուած ցաւերէն ու մտահոգութիւններէն շատ բան չէ փոխուած այսօր: Բիւզանդ Եղիայեան իր օրին լաւ հասկցեր, քննադատեր ու ախտաճանաչումը ըրեր է սփիւռքահայ իրավիճակին:
Մինչ այսօր եթէ ոչ հայ կազմակերպութիւններու պատկանող մամուլը, ապա անհատականն ու համացանցայինը կը նպաստեն անհանդուրժողական մթնոլորտ ստեղծելու եւ հաւաքականութիւնը աւելի բաժնելու, Եղիայեան իր օրին կարեւորութեամբ շեշտած է ազգային ամբողջականութեան գաղափարին վրայ ու եզրակացուցած է, որ թերթը պէտք է հրատարակել, եթէ ան միայն օգտակար պիտի հանդիսանայ ազգային ամբողջականութեան իրագործումին…:
«Խմբ.»
Հաճոյք է պատասխանել «Զարթօնք»-ի կոչին։
Հայ միտքը թերթով կը սնանի այսօր։ Թերթը իր բեմն է, իր գրականութեան անդաստանը եւ իր գիտելիքներուն գլխաւոր աղբիւրը։ Ազգին պայքարները եւ դատերն իսկ, իրենց բուն ասպարէզին մէջ նահանջած, ամփոփուած են թերթերու էջերուն մէջ։ Օգտակար գաղափարը, որ կը ծնի հայ մտքի մը մէջ, երբ դժուար է որ վերածուի գործի, փութով կը վերածուի յօդուածի մը կամ խմբագրականի մը` գտնելու համար իր վերջը։ Ծանր գրականութիւն եւ ուսումնասիրութիւնք կը նահանջեն, որովհետեւ երկար շունչ կը պահանջէ զանոնք հրատարակել եւ կարդալ հաւասարապէս։ Ասոր համար կարեւորութիւնը թերթ հրատարակելու, անոր մատակարարած սնունդէն կախում ունի ժողովուրդին մտքի առողջութիւնը։
Մեր սերունդին կեանքի պայմաններուն պարտադրութիւնն է` առօրեայ թեթեւ սննդառութեան այս կերպը հայ մտքին։ Հայ ժողովուրդը, ինչպէս որ իր հացին չի կրնար անմիջականէն աւելի մտածել, նոյնպէս` իր մշակութային պաշարին համար։ Կացութեանց անորոշութիւնը եւ վիճակներու անապահովութիւնը զմեզ բոլորս ալ դարձուցած են պատեհապաշտ։ Կ’ապրինք օրըստօրէական ձեւով մը։ Մենք չունինք տեւական հաստատունութիւնը կեանքի ուղղութեան, զոր ունէին մեր նախորդները։ Ամէն գաղութ պարտաւոր է իր միջավայրի պայմաններուն յարմար շարժիլ, եւ ամէն միջավայր իրեն յատուկ ու միւսներէն տարբեր պայմաններ ունի։ Կը շարժինք իբր հայեր, բայց լաւ չենք գիտեր իբր ամբողջականութիւն մեր կեդրոնական ուղղութիւնը։ Գէթ չենք կրնար համաձայնիլ գլխաւոր էականի մը վրայ։
Ուստի հայ մամուլն ալ շատ պարագաներու մէջ աւելի անմիջական նպատակներ կը հետապնդէ, քան թէ ազգային համայն կեանքի զօրացման եւ միօրինակ հասունութեան կրնայ նպաստել։ Միտք զարգացնել եւ հոգին ազնուացնել, այսինքն ըստ մեր նախորդներուն ազգը կրել, մաշած բարոյախօսութեան մը պէս կը հնչէ։ «Բարին, ճշմարիտը եւ գեղեցիկը» ուսուցչապետ Ռ. Պէրպէրեանէ մնացած միամիտ յանկերգի մը արձագանգը կը նկատուի։ «Քաղաքակիրթ ազգերու շաւղին մէջ յառաջդիմել» Մամուրեանի եւ Իւթիւնճեանի պէս խմբագրապետներու գրչէն շարադրուած գեղեցկութիւններ են միայն` մնացած մեզի։ Ժողովուրդի կեանքի մէջ թափանցումը, անոր ներքին ապրումներուն վերլուծումը եւ պատկերացումը գրականութեամբ, «կեանքը ինչպէս որ է», տալու համար անոր` գիտակցութիւնը իր ցեղային յատկանիշներուն, յուշերու պէս կու գան միայն Զօհրապի նմաններէն։ Հոգեկան խորութեանց նայիլը Տէմիրճիպաշեանէն եւ Չրաքեանէն մնացած անխնամելի բառեր են դարձած։ Հայ լեզուի հարստացման եւ ոճի գեղեցկացման համար աշխատելու ճիգը մոռցուած ժառանգ է Սիպիլէն, Ասատուրէն, Ղազիկեանէն։ Պեղումներով հայ մտքի ստեղծագործութիւնները եւ ցեղային արժէքները լոյս բերել, կարեւորագոյն գործը, զոր կատարեցին անցեալ դարու պատմաբան բանասէրներ, այսօր անշահ աշխատանք մը միայն կը կարծուի։ Նոյնպէս ազգային զարթումի կոչող տողերը Վարուժանի եւ նահատակ գրագէտներու անմահ հոյլքին, նոյնպէս եկեղեցական ու կրօնական գրականութիւնը Խրիմեանի, Դուրեանի, Օրմանեանի, Բաբգէնի` բոլորն ալ լուրջ գրութիւններ:
Հայ գրականութեան փառաւորագոյն շրջանը անցուցած է անցեալ դարու վերջին մասին մէջ։ Ազգային յառաջդիմութեան եւ մշակութային զարգացման շրջան էր ան։ Կարելի է զայն կոչել «Ազգային Սահմանադրութեան շրջան», կամ լաւ եւս, պարզապէս` Պոլսական Շրջան։ Անոր մէջ կարեւոր դեր ունեցած է հայ մամուլը, թողունք յիշել հայ դպրոցը, բեմը, թատրոնն ու երաժշտութիւնը։ Հայ թերթը ինքզինք իրապէս արժեցուցած է այն ատեն։ Այժմ մեր մատենադարաններուն մէջ իբր անգին գանձեր ամփոփուած հաւաքածոները «Արեւելեան մամուլ»-ի, «Արեւելք»-ի, «Մասիս»-ի, «Հայրենիք»-ի, «Լոյս»-ի «Բիւզանդիոն»-ի եւ այլն մէյ մէկ ճոխ շտեմարաններն են մտքի ու հոգւոյ սնունդին։ Այսօր իսկ անոնցմէ արտատպումներ ոչ թէ «հետաքրքրութեան համար», այլ հիանալի դաստիարակչական արդիւնք պիտի տային մեր ժողովուրդի զարգացման համար։ Գոնէ բազմապատիկ աւելի արժէքաւոր են, քան այսօրուան խեղճ շարադրութիւնները, աղքատ ոգիով գրուածքները, որոնցմով կը լեցուի հայ մամուլը։
Չկայ այդ շրջանի թերթերուն մէջ հայհոյանք ու եղբայրատեաց քննադատութիւն։ Ամէնքը լծուած են ազգային աշխատանքի, զարթում ամէն կողմ, յառաջդիմութիւն եւ վերելք, հեւացուցիչ արշաւ մը, որ, աւաղ, երբեմն մինչեւ խենթութիւն հասցուցած է ժողովուրդը լուրջ հակակշռի պակասէն։ Այդ շրջանին է որ կը յղկուի ու կը զօրանայ աշխարհաբարը։ Հայ թերթեր ամէն կողմերէ կը հրատարակեն հայ ազգագրական` քննական տեղեկութիւններ։ Գաւառի հայութիւնը, մոռցուած դարերով, յարաբերութեան մէջ կը դրուի մշակոյթի կեդրոններուն հետ։ Ցեղին քայքայուած փառքի աւերակներուն տակէն երեւան կը բերուին անսասան հիմեր՝ անոնց վրայ կառուցանելու համար ապագայ մեծութիւններ։ Հայ ժողովուրդին բարձր արժանիքները կը ծանօթացուին օտարներու։ Հայ սերունդը իր ցեղին մայր երակը կը գտնէ անցեալէն ու կը սկսի անկէ ըմպել նոր կեանք։ Ազգային իտէալը կը կազմուի ու հայը կը սկսի բարձրանալ վստահ ուղիներով։
Մարդ կը հիանայ այսօր կարդալով Պարոնեանի, Օտեանի, Արփիարեանի հարազատօրէն ազգային երգիծագրութիւնները, Զօհրապի եւ Սիպիլի նրբահիւս նորավէպերը, Արտ. Յարութիւնեանի գրական վերլուծումները, Թլկատինցիի գաւառական գրականութիւնը եւ Զարդարեանի աւանդավէպերը ու Վարուժանի եւ Սիամանթոյի հզօր երգերը։
Հայ գիրը հարստացնող այս մեծ սերունդէն հազիւ կ’ապրին դեռ ամէն ճիւղէն մէկ-մէկ ներկայացուցիչներ, կարծէք իբրեւ յուշարարներ զմեզ կոչելու դէպի արժեւորը եւ մնայունը, սիրելի դէմքեր հայ գրչի, որոնք կը յամենան հորիզոնին վրայ դիւթական սիլուէթներու պէս։
Անցեալի կամ ներկայի վրայ ափսոսանքի մը համար չէ որ կը գրուին այս տողերը։ Մեր սերունդին մէջ ալ քիչ-քիչ երեւան կու գան ուժեր։ Հարցումի մը պատասխան փնտռելու համար է ինչով կը բացատրուի, ոչ թէ գրական այդ ճոխութեան, այլ առողջ կորովի պակասը այսօր։ Չի բաւեր պատասխանել, թէ քաղաքական, նիւթական պայմանները մեզ ըրին այսպէս։ Ինչո՞ւ պիտի պակսէր գէթ ներկայ վիճակներու թոյլտուութեան չափ ճիգը` չլքելու զարգացումի այդ բացուած ճամբան։
Պոլսական շրջանի վերելքը` ազգային եւ մշակութային, կը պարտինք ասոր` որ այն ատեն մեր ազգը ունեցած է մէկ եւ գերագոյն իտէալ, որ բոլոր ուժերը լարած է, թէեւ տարբեր միջոցներով, բայց միեւնոյն ուղղութեամբ։ Մամուլ, թատրոն, բանասիրութիւն ու պատմագրութիւն, երաժշտութիւն, բանաստեղծութիւն եւ ամէն ճիւղ հայ մշակոյթի եւ կուսակցական գործունէութեանց իրենց բազմապիսի ձեւերով նպաստած են այդ վերջնական իտէալին իրագործման։ Այդ իտէալը եղած է ազգային ազատութիւն։ Բազմաթիւ ճամբաներ բացուած են հայ ժողովուրդին առջեւ, բայց բոլորն ալ դէպի ետ Հռովմէ, դէպի Մասիս ուղղած են զայն։ Ներքին ճակատները չեն եղած այսքան սպառիչ։ Ազգին ուժը լծուած է ամբողջութեամբ արդիւնաբեր ստեղծագործ աշխատանքի։
Եւ հակադարձաբար, այսօրուան թոյլ վիճակին պատասխանատուն ուրիշ որեւէ պարագայական պատճառէ աւելի այդ միաւորիկ համազգային իտէալի պակասն է։ Յանկարծ ցնդումովը մեր գերագոյն իտէալին մեր վարիչ մտաւորականութիւնը կորսնցուցած է մեր ազգային շարժումին կեդրոնը։ Չունինք բոլորին կողմէ ընդունելի միութեան գետին մը։ Եկեղեցի՞ն, արդի Հայաստա՞նը, թրքահայ դա՞տը, զուտ մշակութային աշխատա՞նքը բանասիրական ընկերային ծառայութի՞ւնը, թէ ապագայ Հայաստանը, թէ աշխարհաքաղաքացի կամ համայնական գաղափարներ, ո՞ր բանին պիտի տայ հայ ժողովուրդը իր ամբողջ միտքը եւ հոգին, ինքզինքը։
Եւ արդ, ամէն միտք տեղ մը կ’ուղղուի, ամէն թերթ բան մը կը ջատագովէ։ Դեռ չէ ընտրուած գաղթահայութեան մեծագոյն շահերուն ուղեգիծը, որուն հետեւին բոլորը։ Ասոր համար հայ թերթը կամ իր ուժը կը սպառէ ուրիշները իր ուղղութեան բերելու ճիգով, կամ ալ թուլցած կը զբաղի մակերեսային խնդիրներով։ Կը հրատարակէ հաճելի պատմութիւններ, կը հաւաքէ հետաքրքրական լուրեր եւ էջեր կը լեցնէ ոճիր-արկածի վատուսոյց նկարագրութիւններով։ Ժողովուրդին քուէի թիւը ազգային խնդիրներու մէջ աւելի կարեւոր նպատակ մը կը դառնայ, քան անոր մտքի հասունացումը դէպի որոշ իտէալ։ Այս կացութենէն ի՞նչ աւելի կարելի է ակնկալել քան ամլութիւն կամ խառնակ գործունէութիւն։
Պիտի ուզէինք քիչ մը եւս ընդլայնել խնդիրնիս` փնտռելու համար ազգային միութեան գետինը։ Բայց կը բաւէ այժմ պնդել միայն, թէ անցաւոր են գաղթահայ մտքի այդ թարթափումները։ Ազգ մը չի կրնար միշտ ապրիլ օրըստօրէական պատեհապաշտութեամբ։ Օր մը պիտի գտնէ իր հաստատուն խարիսխը` հոն հաստատելու համար իր կեանքը։ Եւ պէտք է հաւատք ունենալ ասոր. հաւատք հայ ժողովուրդի իմաստութեան վրայ, հաւատք անոր ցեղային, մնայուն արժէքներուն վրայ, հաւատք անոր վերազարթումի կարողութեան եւ ստեղծագործելու ուժին վրայ։
Մինչ այդ գաղթահայ մամուլը պարապ պիտի չդառնայ, երբ կ’ըսենք, թէ պիտի դադրի ներքին պայքարի համար դառնալէ։ Լուրջ, դրական գործունէութիւնը ինքնին հզօրագոյն, թէեւ լուռ պայքարն է ամէն ժխտական գործի դէմ։ Ճոխացած մեր սերունդի կրած կեանքի փորձառութիւններով ան կրնայ այսօր ազգային դաստիարակութեան հիանալի դեր կատարել` առանց սակայն յաւակնելու ամէն խնդրոյ մէջ ինք առաջնորդելու ազգին։ Կրնայ ուսումնասիրել հայ ժողովուրդին արդի կեանքը եւ ներկայացնել զայն ինչպէս որ է` երեւան բերելով անոր քաջութիւնն ու կորովը կեանքի պայքարին մէջ։ Ի՜նչ գեղեցիկ դրուագներ չկան արդեօք գաղթական հայու այս կեանքին մէջ։ Կրնայ կորուստէ փրկել հայրենի աշխարհէն բերուած յիշատակները, ազգագրական` լեզուական եւ ժողովրդային սովորութեանց վերաբերեալ տեղեկութիւնները։ Կրնայ շարունակ նոր սերունդին առջեւ բարձր եւ պանծալի բռնել հայ ցեղին անցեալին մէջ ստեղծագործած արժէքները։ Աշխարհի ամէն կողմը ցրուած հայութիւնը իրարու մասին եւ ամէնուն փոքրիկ հայրենիքի մասին տեղեակ պահել` հրատարակելով թղթակցութիւններ եւ փոխանակելով սիւնակներ։ Սորվեցնել գտնուած տեղերու ժողովուրդներուն հետ բարի յարաբերութիւն մշակել եւ ի պատեհ առթիւ գործակցիլ` առանց զոհելու ազգային յատկութիւնները։ Եւ դեռ այնքան ուրիշ` բազմիցս փեռեկտուած եւ կոտորակուած, բայց ապրելու աննահանջ կամքով օժտուած մեր ժողովուրդին։
Կ’արժէ հրատարակել թերթ, եթէ ան այս ճամբաներով պիտի ջանայ մօտեցնել հայ միտքը քիչ մը աւելի դէպի ազգային ամբողջականութիւն։
«Զարթօնք» 26 Սեպտեմբեր 1937






