Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Պաշտպանելով Պրեսթը՝ Հայ Զինուորները Ֆաշիզմէն Կը Պաշտպանէին Նաեւ Երեւանը. Էդուարդ Շարմազանով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան ԱԺ նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Պելառուսի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահի տեղակալ Պոլեսլավ Փիրշթուքի ուղեկցութեամբ Սեպտեմբեր 25-ին այցելած Պրեսթի ամրոց-յուշահամալիր եւ ծաղիկներ խոնարհած Պրեսթի ամրոցի պաշտպանութեան համար զոհուած խորհրդային զինուորի յիշատակին: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Պրեսթի մէջ տեղադրուած հայ հերոս զինուորներու յիշատակին նուիրուած խաչքարին ու յարգանքի տուրք մատուցած:

Էդուարդ Շարմազանովը մասնաւորապէս նշած է. «Հայրենական պատերազմի առաջին օրերէն տասնեակ հազարաւոր հայ զինուորներ մեկնեցան ռազմաճակատ՝ պաշտպանելով մեր ընդհանուր հայրենիքը ֆաշիզմէն: Վեց հարիւր հազար հայ զինուորներէն աւելի քան երեք հարիւր հազարը ռազմաճակատէն չվերադարձաւ: Անոնցմէ շատերը զոհուեցան Պելառուսի ազատագրման ժամանակ: Պաշտպանելով Պրեսթը եւ Մինսքը՝ անոնք կը պաշտպանէին նաեւ Երեւանն ու ողջ Հայաստանը: Յաւերժ փառք անոնց յիշատակին»:

Նշենք, որ Պելառուսի ազատագրման «Բագրատիոն» ռազմական գործողութեան ղեկավարներէն մէկը հռչակաւոր հայ զօրավար Յովհաննէս Բաղրամեանն էր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին