«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երեքշաբթի երեկոյեան խորհրդարանի նիստը հազիւ մէկ ժամ տեւեց, որովհետեւ Լիբանանեան ուժեր եւ Մուսթաքպալ շարժումի շարք մը երեսփոխաններ անսպասելիօրէն դուրս եկան դահլիճէն:
Երեկոյեան նիստը, որ սկսաւ ժամը 6-ին, փաստօրէն վերջինն էր՝ նախատեսուած օրէնսդրական երկօրեայ նիստերուն համար, որոնց մեկնարկը տրուեցաւ Երկուշաբթի:
ԼՈ երեսփոխաններ դուրս եկան խորհրդարանի դահլիճէն, երբ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի մերժեց օրակարգ ներառել քաղցկեղի համար դեղամիջոցներու յատկացուելիք ֆինանսաւորման դրոյթը:
Մուսթաքպալ շարժումի երեսփոխանները մեծ մասամբ չմասնակցեցան երեկոյեան նիստին: Կանխագուշակելով, որ այլ երեսփոխաններ եւս պիտի հեռանան դահլիճէն՝ Նապիհ Պըրրի աւարտեց նիստը: Այս մասին կը յայտնէ խորհրդարանի նախագահի կարեւորագոյն խորհրդականներէն երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլը:






