«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութիւնը պաշտօնապէս ներկայացուցած է Երեւանի մէջ ձերբակալուած՝ ազգութեամբ թուրք հակահայ լոպպիստ Քեվին (Քեմալ) Օքսուզի մեղադրանքը: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ԱՄՆ-ի արդարադատութեան նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը նշած է, որ Օքսուզը կը մեղադրուի ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի բարոյագիտութեան յանձնաժողովէն փաստացի նիւթերը կեղծելու միջոցով թաքցնելու եւ յիշեալ յանձնաժողովին կեղծ յայտարարագիր ներկայացնելու հիմքերով:
«Օքսուզը հետախուզումի մէջ է: Աւելի կանուխ, այս տարի զինքը ձերբակալելու որոշում կայացուած էր, ինչ որ կը շարունակէ ուժի մէջ մնալ: Օքսուզը վերջերս ձերբակալուած է Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ»,- կ’ըսուի Սեպտեմբեր 24-ին ԱՄՆ-ի արդարադատութեան նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի տարածած յայտարարութեան մէջ:
Աւելի կանուխ, ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան հանրային կապերու բաժինէն նշած էին, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու իրաւասու մարմիններէն եղած է միջնորդութիւն` Երեւանի մէջ ձերբակալուած ազգութեամբ թուրք հակահայ լոպպիստ Քեվին (Քեմալ) Օքսուզը արտայանձնելու վերաբերեալ:
Երեւանի մէջ ձերբակալուած՝ ազգութեամբ թուրք հակահայ լոպպիստ Քեվին (Քեմալ) Օքսուզը պարզուած է, որ Հայաստանի մէջ ալ հակաօրինական գործունէութիւն ծաւալած է։ ՀՀ գլխաւոր դատախազութենէն «Արմէնփրես»-ի հարցումին ի պատասխան յայտնած էին, որ ՀՀ-ի մէջ իր հիմնած «The Sena Group» ընկերութիւնը խուսափած է հարկերու վճարումէն։ «The Sena Group» ՍՊ ընկերութեան (հիմնադիր՝ Քեվին (Քեմալ) Օքսուզ) տնօրինութեան կողմէ մեծ չափերով հարկեր չվճարելու առերեւոյթ յանցագործութեան առթիւ ՀՀ ոստիկանութեան կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարի գլխաւոր վարչութեան կողմէ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 205-րդ յօդուածի 1-ին մասի յատկանիշներով յարուցուած է քրէական գործ, որուն ծիրէն ներս կարելի է ՀՀ իրաւասու մարմինին կողմէ կատարել քննչական համապատասխան գործողութիւններ:
Հարկերու վճարումէն խուսափելու համար ՔՕ համապատասխան յօդուածով Օքսուզին կը սպառնայ տուգանք՝ նուազագոյն աշխատավարձի երկու հազարապատիկէն երեք հազարապատիկի չափով կամ ազատազրկում՝ երկուքէն հինգ տարի ժամկէտով:
ԱՄՆ իրաւասու մարմիններուն կողմէ հետախուզուող Օքսուզի նկատմամբ Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանի Օգոստոս 31-ի որոշումով կիրարկուած է ժամանակաւոր կալանաւորում՝ 30 օր ժամկէտով։






