Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Աշխատանքային Այցով Մեկնած Է ԱՄՆ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 23-ին աշխատանքային այցով մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Հանրապետութեան վարչապետը Նիւ Եորքի մէջ կը մասնակցի ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ժողովի 73-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն, ուր հանդէս կու գայ ելոյթով:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ այցի ընթացքին վարչապետ Փաշինեան հանդիպում կ’ունենայ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշի հետ: Նիւ Եորքի մէջ նախատեսուած են Հանրապետութեան վարչապետի երկկողմ հանդիպումներ տարբեր երկիրներու գործընկերներու հետ: Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում կ’ունենայ տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, ինչպէս նաեւ կ’այցելէ Մեթրոփոլիթէն թանգարանին մէջ բացուող «Արմէնիա» խորագրով ցուցահանդէսը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին